ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԱՆՏԱՆԵԼԻ ՎԻՃԱԿ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Գէորգեան Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուց Հալէպի առկայ իրավիճակը, որ վերջին շրջաններուն սրուած է առաւել եւս։ Աւագ հիւպատոսը մասնաւորապէս մտահոգիչ նկատեց Հալէպի ծերանոցին եւ մանկատան մէջ ապաստան գտածներուն ճակատագիրը։ Արդարեւ, 46 հոգի կը բնակի Հալէպի ծերանոցին մէջ, իսկ մանկատան երդիքին տակ ապաստան գտած են 30 երախաներ։ Աւագ հիւպատոս Գէորգեան ընդգծեց, թէ ջուրի եւ ելեկտրականութեան բացակայութեան հետեւանքով կենցաղային պայմանները դժուարացած են, զգալի է նաեւ սնունդի անբաւարարութիւն։
Խոր մտահոգութիւն յայտնելով հալէպահայութեան ճակատագրին շուրջ՝ Հրանոյշ Յակոբեան խոստացաւ ընել հնարաւորը, որպէսզի անոնց աջակցութիւն ցուցաբերուի։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայոց հիմնախնդիրներուն։