ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԸ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ յայտնի գործարար ու բարերար, աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլլէր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքէշը։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է ու միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի աւագ հիւպատոսը՝ Մարսէյլի մօտ։ Տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց Վարդան Սրբմաքէշի ներդրումը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Սրմաքէշի կողմէ ձեռնարկուած բոլոր ծրագրերը կը նպաստեն երկրի տնտեսութեան զարգացման ու նոր աշխատատեղիներու ստեղծման։ Վարչապետը կարեւորեց նաեւ «Հին Երեւան» ծրագրի իրականացումը զուիցերահայ յայտնի բարերարին գանձատրումով։ Այս նպատակին համար պիտի ներդրուի շուրջ 150 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Իր կարգին, Վարդան Սրմաքէշ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովիկ Աբրահամեանին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան նախանշած առաջնահերթութիւններն ու գերակայութիւնները համոզիչ են իրեն համար։ Վարդան Սրմաքէշ վստահ է, որ Հայաստան ունի մեծ ապագայ։ Միեւնոյն ժամանակ Սրմաքէշ պատրաստակամութիւն յայտնեց զանազան ծրագրերու միջոցաւ նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման, նոր աշխատատեղիներու ստեղծման եւ տնտեսական աշխուժութեան ապահովման։
Յովիկ Աբրահամեան զրոյցի ընթացքին առանձնապէս կարեւորեց նաեւ Վարդան Սրմաքէշի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ներդրումային ծրագրերը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս հետեւողական աշխատանքին համար։ Աբրահամեան համոզուած է, որ իրականացուելիք բոլոր ծրագրերը պիտի ունենան մեծ արդիւնքներ։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նախատեսուած ներդրումային ծրագրերուն։