ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱ՞Ծ, ԹԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ (Ե.)

Ռուսաստան իր զէնքերով եւ ռազմական ահռելի համարուած կարողութիւններով լճացաւ Ուքրայնայի մէջ։ Արդէն աւելի քան տարի մըն է չի կրնար յառաջ շարժուիլ եւ հող գրաւել Ռուսաստան, որուն նախընտրելի պատմական նպատակն ու այսպէս ըսած՝ իրեն համար «գոյութենական առաքելութիւնը կամ գոյութեան իմաստը» իրագործել: Ընդհակառակը ան հակայարձակման կ՚ենթարկուի Ուքրայնայի կողմէ, որ դանդաղ քայլերով յառաջանալու կողքին, կարծես Ռուսաստանը կը մատնէ նեղ ու անել կացութեան:

Ռուսական բանակը նոյնիսկ ահռելի թափով ապաւինեցաւ վարձկաններու ցանցերու եւ միայն մէկ ճակատի համար այդքան օգնութիւններու եւ այսպէս ըսած՝ հնարքներու դիմելը ցոյց կու տայ տկարութիւն մը: Ռուսական բանակը չարդարացուց ինքզինք ո՛չ կարգապահութեամբ, ո՛չ արդիականութեամբ, ո՛չ ճշգրտութեամբ, ո՛չ արհեստագիտութեամբ եւ ոչ ալ նոյնինքն մարտական ոգիով (ինչ որ բնականաբար աւելի շեշտուած է ուքրանացիներուն մօտ): Աշխարհի բաց ու հասանելի գիտական ու առօրէական իրավիճակը դիւրաւ ռուսական բանակի կարողականութիւններն ու որակը յայտնաբերեց, բաղդատմամբ Իսրայէլի, Թուրքիոյ, Ուքրայնայի, չըսելու համար դեռ արեւմտեան բանականերուն:

Քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական առումներով Ռուսաստան աւելի տագնապալից վիճակի մէջ գտաւ ինքզինք՝ նախ Ֆինլանտան դարձաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ Շուէտն ալ այդ ճամբան բռնեց: Ռուսաստանի բարեկամ եւ դաշնակից Թուրքիան այդքան ալ իր կողքին չկանգնեցաւ եւ նոյնիսկ Ուքրայնային Պայրաքթարներ ծախեց: Իսկ Ռուսաստան այսպէս ըսած՝ Թուրքիան զինք իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ դարձնելու քաղաքակութիւնը վերջնականապէս ձախողեցաւ եւ, ընդհակառակը, Ռուսաստան ինքզինք գտաւ Թուրքիայէն կախեալ վիճակի մէջ:

Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի ներկայութիւնը սկսաւ հարցականներու ենթարկուիլ, իսկ Միջին Ասիոյ երկիրները սկսան աւելի համագործակցիլ Արեւմուտքին հետ եւ նոյնիսկ պատմական ամենամօտ, պզտիկ դաշնակից համարուող Հայաստանը, սկսաւ հեռանալ Ռուսաստանէն, իսկ Չինաստանին, Իրանին աջակցութիւնները անմնացորդ ու մեծ չէին:

Տնտեսական առումով Ռուսաստանի վնասները շատ մեծ են, բայց նկատի ունենալով համեմատաբար անոր գոց երկիր ըլլալը եւ տեղեկութիւններու անլիակատարութեան հանգամանքը, դժուար է համապարփակ պատկեր մը կազմել: Բաց աստի, յստակ կ՚երեւի, որ Ռուսաստան կը մեկուսացուի աշխարհէն. աշխարհ մը, որ նախկին դարերու պէս չի կրնար դիւրաւ պատկերացուիլ առանց բաց ու հասանելի ըլլալու, իսկ այն երկիրները, որոնք մեկուսացուած են, դժուար թէ զարգանան:

Արդէն իսկ մեծ տնտեսական ծրագիրներէն Ռուսաստանի դուրս թողուիլը մեծ ապացոյց մըն է անոր տնտեսական նահանջին: Հումքի եւ ուժանիւթի արտադրութիւնն ալ ներկայ զարգացած աշխարհին մեծ կ՚ենթադրէ արհեստագիտական մեծ զարգացում ու միջոցներու ձեռքբերում, ինչ որ Ռուսաստան չունի եւ յետամնաց է աշխարհի զարգացած երկիրներէն:

Ամենավտանգաւորը Ռուսաստանի համար՝ անոր դէմ միջազգային ու մա՛նաւանդ քաղաքակիրթ աշխարհի միասնութիւնն է. Եւրոպա, ԱՄՆ եւ շատ մը երկիրներ Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիա, որոնք գրեթէ մարդկութեան զարգացման ու տնտեսութեան, մշակոյթի, արհեստագիտութեան բանալիները, միջոցները եւ կարողութիւնները ունին իրենց ձեռքերուն, մէկ ճակատով դէմ են Ռուսաստանին:

Այս կէտին առանց կանխատեսելու Ռուսաստանի ապագան կամ քաղաքական ու ռազմավարական կռահումներու մէջ մտնելով՝ յստակ է, որ Ռուսաստան դժուար ընտրանքներու եւ դիմակայութիւններու դիմաց է: Ռազմական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ արհեստագիտական ոլորտները ներկայ աշխարհին մէջ համարկուած ու իրարմով ամբողջացուող կը դառնան:

Այն երկիրները, որոնք այս ոլորտներէն միայն մէկուն մէջ զարգացած են, բնականաբար, կ՚ուզեն ձգտիլ, ձեռք ձգել միւսները, բայց այն երկիրները, որոնք կայացած են եւ ձեւով մը իրականացուցած ու ձեռք բերած են այս ոլորտներու համադրումն ու իրագործումը, դժուարաւ կը քայքայուին: Ռուսաստան առանձին է իր պայքարին մէջ եւ շատ դժուար է իրեն համար (չըսելու համար անկարելի) նոյնիսկ քայքայել ո՛չ միայն ԱՄՆ-ը, այլեւ՝ Ֆրանսան, Գերմանիան, Ճաբոնը կամ Թուրքիան, որովհետեւ զանց չ՚առնուիր որ այս երկիրները մէկ ճակատի անդամ են եւ տեղ մը, քիչ թէ շատ, միահունչ ու համակարգուած կը գործեն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023