ՆԱՐԵԿԱՑԻԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, չորս տարուան դադարէ մը վերջ վերսկսան «Նարեկացիական ընթերցումներ»ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ազդարարուեցաւ այս գիտաժողովներու շարքի վերածնունդը։

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան բացման խօսքին մէջ մասնաւորապէս ողջունեց բանասէր, հայագէտ Աբրահամ Տէրեանը, որ մասնակցեցաւ գիտաժողովին։ Ան Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ը անգլերէնի թարգմանած է՝ ծանրակշիռ գիտական մեքենայականութեամբ, հասկացական համակարգով ու ծանօթագրութիւններով։ Ան այս գործը նուիրած է հոգելոյս Հրաչեայ Թամրազեանի յիշատակին։ Այս կապակցութեամբ Արա Խզմալեանն ալ Մատենադարանի ամբողջ աշխատակազմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նշելով, որ երախտապարտ են Տէրեանի միջնադարագիտական ժառանգութեան միջազգայնացման ուղղութեամբ ապահոված լուրջ ներդրման համար։ Տնօրէնը նաեւ Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետայլը շնորհեց Աբրահամ Տէրեանին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023