ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԻՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ՝ ՀԱՆԱԾՈՅ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԵՐԷՆ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Տուպայի մէջ կ՚ընթանայ COP28 գագաթաժողովը։ ՄԱԿ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը պահէ կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը։ Այս հարցին հետեւանքները երկրագունդի եւ համայն մարդկութեան տեսակէտէ արդէն աղէտի հեռանկարներ ուրուագծած են։ Վտանգները լուրջ են, սակայն անոնց դէմ պայքարն ու վճռականութիւնը բաւարար ըլլալէ հեռու կը մնան՝ կանխելու համար աւելի ծանր հետեւանքները։
COP28 գագաթաժողովը առիթ կը դառնայ, որ այս բոլորը հերթական անգամ միջազգային հանրութեան օրակարգին վրայ գայ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի՝ կլիմայի փոփոխութեան եւ առողջապահութեան հարցերով յատուկ բանագնաց Վանեսա Քերի յայտնեց, որ ներկայիս աշխարհի վրայ 3.3 միլիառ հոգի կը զգայ համաշխարհային տաքացման հետեւանքներու ազդեցութիւնը իր առողջութեան վրայ։ Իւրաքանչիւր 4 մահէն մէկը կը պատահի՝ շրջակայ միջավայրին վերաբերեալ հետեւանքներով, որոնք կրնային կանխուիլ։ Իր խօսքով՝ կլիմայի փոփոխութիւնը ա՛լ աւելի կը խորացնէ բոլոր ռիսքերը։ «Մինչեւ ես աւարտեմ այս նախադասութիւնը, եւս մէկ մարդ պիտի մահանայ եւ այդ մահերուն 61 տոկոսը ուղղակիօրէն կապուած է հանածոյ վառելիքի օգտագործման հետ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ յաջորդ տասնամեակին աշխարհ ականատես կը դառնայ կանխարգիլման հնարաւորութիւն ունեցող մահացութեան արագացման ու միլիոնաւոր մարդոց հիւանդութեան աճին։ «Անոնք կը տառապին ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններէ՝ մայրական ու նորածնային զարգացման ոլորտներէն ներս իրավիճակներու եւ հոգեկան առողջութեան խնդիրներու կլիմայական ուժեղացման հետեւանքով», ըսաւ ան։
«Իւրաքանչիւր կլիմայական իրադարձութիւն իր ետեւէն կը թողու աւերածութիւններ, մահ եւ առողջական բարդութիւններու երկար պատմութիւն։ Առողջութեան վրայ կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը կ՚ոչնչացնէ ապրուստի միջոցները եւ կը սպառնայ անհատական ու հաւաքական անվտանգութեան։ Մենք պէտք է ընդունինք, որ հանածոյ վառելիքէն փուլ առ փուլ հրաժարելէ զատ ճանապարհ մը չկայ։ Ջերմոցային կազերու հետեւանքներու պարզ մեղմացումն ու արտանետումներու նուազեցումը այլեւս ընտրութիւն չէ։ Կլիմայի եւ առողջութեան փոխկապակցուածութեան հիմքին կը գտնուի այն ընտրութիւնը, թէ արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք փոխելու կարգավիճակը», նշեց Քերի։