ԱԿՆԱՐԿ - 44 - «ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ»ՆԵՐ ԿԱՐԳԱԽՕՍԻ ԽԱԲԿԱՆՔԸ
Ներկայիս ամենէն շատ շահարկուող կարգախօսներէն մէկը, որ սակայն իր իրական իմաստէն դատարկուած է եւ ճիշդ հակառակ ազդեցութիւնն է որ կը գործէ, այլ խօսքով «Մարդու Իրաւունք»ներ կարգախօսը վերածուած է «Մարդու անիրաւութիւն» կարգախօսի, վկայ վերջին տարիներուն Արցախի մէջ պատահած իրադարձութիւնները, վկայ երկար տասնամեակներ եւ յատկապէս վերջին աւելի քան մէկ ամիս Պաղեստինի Կազզէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Այս կարգախօսը, արդարեւ, երեւան եկած էր որպէսզի իրապէս մարդոց իրաւուքները պաշպտանէր, բարձրաձայնէր աշխարհի տարբեր ծայրամասերու մէջ մարդոց նկատմամբ կատարուած անիրաւութիւններու մասին, փորձէր պաշտպան հանդիսանալ տկար մարդոց, որոնց իրաւունքները կ՚ոտնակոխուին աւելի զօրաւորներու կողմէ, մէկ խօսքով այս կարգախօսը մէջտեղ եկած էր բարի մտադրութեամբ եւ բարի նպատակներ հետապնդելու համար, սակայն դժբախտաբար այսօր այդ բարի մտադրութեան եւ բարի նպատակներու քօղին տակ, ի՜նչ անիրաւութիւններ ու անարդարութիւններ կը կատարուին:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կայքէջը երբ բանանք եւ հարցնենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Մարդու Իրաւունք»ներ, ապա այս էջին վրայ (https://www.ohchr.org/en/what-are-human-rights) հետեւեալ նկարագրութեան պիտի հանդիպինք.
«Մարդու իրաւունքները այն իրաւունքներն են, որոնք մենք ունինք պարզապէս այն պատճառով՝ որովհետեւ մենք որպէս մարդ գոյութիւն ունինք: Ատոնք ո՛չ մէկ պետութեան կողմէ տրուած են: Այս համընդհանուր իրաւունքները մեզի բոլորիս բնորոշ են՝ անկախ ազգութենէ, սեռէ, ազգային կամ էթնիք ծագումէ, գոյնէ, կրօնէ, լեզուէ, կամ որեւէ այլ կարգավիճակէ: Ատոնք կը տատանուին ամենահիմնականներէն՝ կեանքի իրաունքէն, մինչեւ այնպիսիները, որոնք կեանքը ապրիլը արժանի կը դարձնեն, ինչպիսիքն են սննունդի, կրթութեան, աշխատանքի, առողջութեան եւ ազատութեան իրաւունքները»:
Այստեղ նշենք, որ «Մարդու Իրաւունք»ներու համընդհանուր հռչակագիրը (ՄԻՀՀ) առաջին անգամ պաշտօնապէս ընդունուած եւ գործածութեան մէջ դրուած է 1948 թուականին, դեկտեմբեր 10-ին, որով մէկ երկու օր ետք այս հռչակագիրը (ՄԻՀՀ) պիտի դառնայ 75 տարեկան: Այս հռչակագիրի մասին դարձեալ նոյն կայքէջին մէջ կը կարդանք.
«Մարդու իրաւուքներու համընդհանուր հռչակագիրը (ՄԻՀՀ), որ ընդունուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովին կողմէ 1948 թուականին, առաջին իրաւական փաստաթուղթն էր, որ կը սահմանէր մարդու հիմնարար իրաւունքները, որոնք պէտք է համընդհանուր կերպով պաշտպանուած ըլլան: ՄԻՀՀ, որ 75 տարեկան կը դառնայ 10 դեկտեմբեր 2023-ին, կը շարունակէ մնալ մարդու իրաւունքներու բոլոր միջազգային իրաւունքներուն հիմքը: Անոր 30 յօդուածները կ՚ապահովեն մարդու իրաւունքներու ներկայ եւ ապագայ համաձայնագրերու, պայմանագրերու եւ այլ իրաւական փաստաթուղթերու սկզբունքներն ու կառուցողական տարրերը»:
Այս երկու նկարագրութիւնները կարդալով ակամայ մեր միտքին մէջ հետեւեալ հարցումները կը ծագին.
- Եթէ իրապէս՝ «Մարդու իրաւունքները այն իրաւունքներն են, որոնք մենք ունինք պարզապէս այն պատճառով՝ որովհետեւ մենք որպէս մարդ գոյութիւն ունինք», ապա Արցախի եւ Կազզէի բնակիչները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Ափրիկեան շարք մը երկիրներու մարդիկը՝ որպէս մարդ գոյութիւն չունի՞ն, կրնա՞յ ըլլալ իրենք տարբեր տեսակի արարածներ են, որոնք խորթ են մարդկային ցեղին:
- Եթէ իրապէս այդ՝ «իրաւունքները մեզի բոլորիս [մարդոց] բնորոշ են՝ անկախ ազգութենէ, սեռէ, ազգային կամ էթնիք ծագումէ, գոյնէ, կրօնէ, լեզուէ, կամ որեւէ այլ կարգավիճակէ», կրնա՞յ ըլլալ որ վերոնշեալ երկիրներու ժողովուրդներն ու ազգերը տարբեր սեռի, ազգային կամ էթնիք տարբեր ծագումի, գոյնի, կրօնի, լեզուի կամ որեւէ այլ կարգավիճակի կը պատկանին, որ դարձեալ խորթ է մարդկային ցեղին, ինչ բանի պատճառով այդ երկիրներու մէջ մարդիկ իրենց սեփական տունէն ու հողէն կը զրկուին, հիւանդանոցները կը հրթիռակոծուին, երեխաները, պատանիներն ու երիտասարդները կը զրկուին ուսումէ, եւ տարրական մարդկային պայմաններէ:
- Եթէ այդ հռչակագիրը իրապէս կ՚ապահովէ բոլոր մարդոց «սննունդի, կրթութեան, աշխատանքի, առողջութեան եւ ազատութեան իրաւունքները», ապա ինչո՞ւ համար այսօր աշխարհի վրայ մարդկային անիրաւութիւններու պատճառով բազմահազար, չըսելու համար միլիոնաւոր մարդիկ կտոր մը հացի, կտոր մը հագուստի, պուտ մը ջուրի կարօտ են, մինչ անդին, մարդիկ միլիոններ կը ծախսեն իրենց պալատներուն, իրենց քմահաճոյքներուն եւ նոյնիսկ իրենց անասուններուն վրայ, եւ այս բոլորը նոյն այս կազմակերպութեան եւ հռչակագիրին բաց աչքերուն տակ:
- Եթէ իրապէս այդ կազմակերպութեան եւ հռչակագիրին «30 յօդուածները կ՚ապահովեն մարդու իրաւունքներու ներկայ եւ ապագայ համաձայնագրերու, պայմանագրերու եւ այլ իրաւական փաստաթուղթերու սկզբունքներն ու կառուցողական տարրերը», ինչո՞ւ ոչ մէկ դատապարտութեան խօսք՝ ուղղուած արցախահայութեան եւ Կազզէի բնակչութեան դէմ անիրաւութիւններ եւ մարդկային աննկարագրելի վայրագութիւններ գործած Ատրպէյտճանի եւ Իսրայէլի դէմ, միթէ՞ այս երկու պետութիւններու գլուխին կարմիր պսակ կայ եւ անոնց ամէն ինչ արտօնուած է գործել, որովհետեւ դրամ ունին, կազ ունին, նաֆթ ունին, մէկ խօսքով, որովհետեւ աշխարհի այսօրուան հասկացողութեամբ զօրաւոր են…
Անկեղծ ըլլալու համար պատասխաններ չեն սպասեր հարցումներուս, որովհետեւ դիակէ մը պատասխան սպասելը պարզապէս յիմարութիւն է: Սակայն, ինծի կը մնայ որ այս դիակը օրին մէկը յարութիւն առնէ՝ մանաւանդ որ մի քանի օր ետք իր ծննդեան 75-րդ տարեդարձն է, եւ գէթ փորձէ հաւատարիմ մնալ իր որդեգրած սկզբունքներուն, եւ ո՛չ աւելին:
Հետեւաբար, բարի՜ տարեդարձ մաղթեքն դիակին, յուսալով որ շուտով յարութիւն առնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 դեկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ