ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն անհամբեր կը սպասէ, որպէսզի յառաջիկային Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Երէկ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարը դրական ու շինիչ որակեց Պաքուի հանդիպումները։ Ամերիկացի դիւանագէտը Պաքու այցելութեան ընթացքին ընդգծեց նաեւ Պլինքընի վերոյիշեալ տրամադրութիւնը։ Օ՚Պրայընի հետ շփումներուն նոյն օրը Ալիեւն ալ յայտարարեց, որ Պաքուի պահանջն է՝ Երեւանի կողմէ ռէօվանշի փորձերու բացառումը։ Օ՚Պրայընի հետ զրուցելու ժամանակ Ալիեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները՝ կրնայ իր ներդրումը ունենալ խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Իր խօսքով՝ ներկայիս հակամարտութիւնը աւարտած է ու վերականգնուած՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ պատմական հնարաւորութիւն կը ստեղծէ խաղաղութեան հաստատման համար։

Մինչ միջազգային եւ տարածաշրջանային դերակատարներու ուշադրութեան շրջանակէն դուրս չի մնար Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ այսօր Մոսկուայի մէջ ժամադրուած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, որոնք եւս կ՚արժեւորեն Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Փութին այսօր Ռայիսին կը հիւրընկալէ՝ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ունեցած շփումներէն վերջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտնեց, որ Պաքու միշտ կ՚ընդունի Մոսկուայի հրաւէրները, իսկ Երեւանի գործընկերներու պարագային կարելի չէ նոյնը ըսել։

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման գործընթացը բաւական բարդ ու երկար պիտի ըլլայ։ Ան վերջերս Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ բանակցութիւններ վարած էր սահմանազատման հարցերուն շուրջ։ Մարիա Զախարովան ալ երէկ ողջունեց փոխ-վարչապետներու գլխաւորած այդ յանձնաժողովներուն հանդիպումը՝ յիշեցնելով Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւնները։

Վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ Մհեր Գրիգորեան ըսաւ. «Կարծես թէ փոխադարձ ընկալում կայ, որ սահմանազատման գործընթացը պիտի իրականացուի բացառապէս իրաւական փաստաթուղթերու հիման վրայ։ Երկրորդ՝ մենք պիտի աշխատինք իրական թոփոկրաֆիք քարտէսներու հետ»։ Փոխ-վարչապետը էապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ կողմերը միատեսակ կ՚ընկալեն այդ գործընթացը, անոր նշանակութիւնն ու աշխատանքի ձեւը։ Անդրադառնալով անքլաւներու հարցին՝ ան յայտնեց, որ կողմերը պէտք է իրարու ներկայացնեն իրաւական փաստեր, ապա պէտք է քննարկեն, թէ անոնք որքանո՛վ օրինական են։ «Դժուար է վերջնականապէս ըսել այդ հարցը ունի՞ որեւէ իրաւական նշանակութեամբ հիմք, թէ ոչ», աւելցուց փոխ-վարչապետը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2023