«ԱՐԴ ԵՒՍ 2023-2024»
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ հաշուի առնել մշակութային արտադրութեան նոր հոսանքները, որոնց հիման վրայ կը մշակէ ծրագրեր։ Այսպէս, բաժանմունքը ներկայիս սկիզբ դրած է «Արեւմտահայերէնը՝ ապագայի համար. արդ եւս 2023-2024» խորագրեալ նախագիծին։ Սա արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։
Այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ Լիզպոնէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուի զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է, զոր պէտք է զարգացնել՝ ստեղծելու աւելի կայուն շրջանակներ եւ զանոնք ընդլայնելու, որպէսզի խթանուին երկարաժամկէտ, մարդակեդրոն եւ կենսոլորտային կայուն զարգացման յարացոյցերը:
Որպէս արտայայտութեան, հաղորդակցութեան եւ մտածման զարգացման միջոց՝ մշակոյթը որոշիչ ազդեցութիւն կը գործէ մտքի հրահրումի եւ գործողութիւններ ներշնչելու ընթացին վրայ՝ ինքն իրեն ձեւաւորելով եւ անընդհատ թարմացնելով: Մշակոյթը լուսարձակի տակ կ՚առնէ իրականութիւններ, դիմակայութիւն կը ներշնչէ, նոր պատումներ կը ստեղծէ, մարտահրաւէր կը նետէ եւ կը հանգեցնէ ընկերային բարեփոխումներու: Մշակոյթի եւ արուեստի կիրարկութիւնները կ՚օգնեն լուծել կամ բարձրացնել զանազան հարցեր. ինչպէս՝ անհաւասարութիւնն ու խտրականութիւնը եւ հանդէս կու գան որպէս մղօն՝ դրական փոփոխութեան: Իբր իրազեկութեան հզօր միջոց՝ մշակոյթի եւ արուեստի գործածութիւնը ի շահ հայ ժողովուրդին կը դառնայ հրամայական մը, որպէսզի հայերէնո՛վ դիմակայուին տեղական եւ միջազգային խնդիրները:
Ընկերային դրական փոփոխութիւններու շարժիչ ուժը իրական կիրարկութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող գաղափարներն ու գործողութիւններն են։ Մշակոյթը կը խթանէ դիմակայութիւնը եւ հաստատուածութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալով համայնքային հզօրացումին եւ մասնակցութեան. «Արդ եւս»ի միջոցով՝ «Կիւլպէնկեան»ի հայկական բաժանմունքը կը փորձէ հայկական աշխարհին մէջ եւ հայերէն լեզուով այդ նպատակին հասնելու պայմանները ստեղծել։
Այս տարի, «Արդ եւս» արեւմտահայ մշակոյթի նպաստի ծրագիրը կը ձգտի զարգացնել մշակոյթի հսկայական ներուժը՝ փոխակերպելու հասարակութիւնը եւ դիմագրաւելու զանազան մարտահրաւէրներ, միաժամանակ, թարմացնելով լեզուն, որով ան կը փոխանցուի, նաեւ թարմացնելով ինքզինք, այսինքն նոյնինքն մշակոյթը: Արեւմտահայերէնը կը գործածուի ուրեմն ստեղծելու մշակոյթ մը, որ կայուն յառաջընթացի շարժիչ ուժն է՝ իմաստի, կենսունակութեան եւ ստեղծագործութեան աղբիւրն է, մարտահրաւէրներ դիմակայելու միջոց մը: Նպատակն է ունենալ երկարաժամկէտ կենսունակ հայկական մշակոյթ մը, ինչպէս նաեւ աւելի կայուն համայնքներ՝ աւելի հզօր հաստատութիւններով եւ անհատներով:
Հիմնարկը այս նախաձեռնութեան մասին առցանց յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակած է։