ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Երէկ, Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Չինաստան գագաթաժողովը, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն, որու կողքին էին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն եւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։ Այս առթիւ Շարլ Միշել յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը կը փափաքի Չինաստանի հետ կայուն եւ փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններ ունենալ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Փեքինի մէջ կարծիքներու անկեղծ փոխանակումներ տեղի ունեցան Եւրոմիութիւն-Չինաստան յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ։ Ներկայիս կողմերը կը ձգտին հաւասարակշռել իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ընդգծեց, որ Չինաստան ԵՄ-ի ամենակարեւոր տնտեսական գործընկերն է, սակայն յարաբերութիւններուն մէջ կան ակնյայտ անհաւասարակշռութիւններ ու տարբերութիւններ, որոնք պէտք է յաղթահարուին։ Շի Ծինփինկն ալ համոզուած է, թէ կողմերը պէտք է ամրապնդեն փոխադարձ քաղաքական վստահութիւնը ու կանխեն համագործակցութեան մէջ արտաքին միջամտութիւնը։ Իր խօսքով՝ անոնք պէտք է ռազմավարական փոխադարձ համաձայնութեան մը հասնին։
Փեքին-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ այս գագաթաժողովին ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան նաեւ Ուքրայնայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնները։