ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԵՄ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին։ Ըստ Եւրոմիութեան խորհուրդի կայքէջի հրապարակումներուն, վեհաժողովը պիտի գլխաւորէ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել, որու կողքին պիտի գտնուի նաեւ Եւրոմիութեան ընդլայնման գծով յանձնակատար Օլիվեր Վարհելյի։

Պրիւքսէլի հաւաքին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան հինգ երկիրներէն՝ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն, Մոլտովայէն եւ Ուքրայնայէն իրենց պաշտօնակիցները։ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի վեցերորդ երկիրը՝ Սպիտակ Ռուսիան պիտի չմասնակցի այս հաւաքին։

Ուաշինկթընն ալ վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն անհամբերութեամբ կը սպասէ Միրզոյեանն ու Պայրամովը հիւրընկալելու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023