ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւան եւ Պաքու երէկ երկար ժամանակ վերջ կարողացան միասնաբար դրական քայլ մը առնել, ինչ որ խաղաղութեան գործընթացին տեսակէտէ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը, որով կը նախատեսուի գերիներու փոխանակում։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

*

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, թէ տարածաշրջանէն ներս վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու համար պատմական հնարաւորութիւն կայ։ Երկու երկիրները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելը եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին։

Առաջնորդուելով մարդասիրական արժէքներով ու որպէս բարի կամքի դրսեւորում՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ՚արձակէ 32 հայ զինուորական։ Իր հերթին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջնորդուելով մարդասիրական արժէքներով ու որպէս բարի կամքի դրսեւորում՝ ազատ կ՚արձակէ 2 ատրպէյճանցի զինուորական։

Որպէս բարի կամքի քայլ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աջակցութիւն կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի մասնակիցներու խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանը (COP29) հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, թէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՚աջակցին հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին։ Որպէս բարի կամքի քայլ՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը աջակցութիւն կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի COP-ի գրասենեակին անդամակցելու համար առաջադրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումներու իրականացման վերաբերեալ՝ մօտաւոր ապագային կեանքի կոչելու համար եւ կոչ կ՚ուղղեն միջազգային հանրութեան՝ աջակցիլ իրենց ջանքերուն, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան Հարաւային Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանին համար։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Մինչ այդ, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ապահովուած այս քայլը միջազգային բեմահարթակի վրայ արժանացած է շատ դրական արձագանգի։ Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս ողջունած է այս զարգացումը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է Թուրքիոյ մաղթանքը, որպէսզի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը շուտափոյթ ստորագրուի։

Ուաշինկթընն ալ ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններու համատեղ յայտարարութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ վճռական աջակցութիւնը պիտի շարունակուի տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ ջանքերուն։

Իր կարգին, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ ողջունեց այս համատեղ յայտարարութիւնը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքուի։

ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը հիւրընկալէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու։ Զրուցակիցները շօշափեցին Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ կողմերու մօտեցումները։ Միրզոյեան տեղեկացուց նաեւ հայկական կողմին դրական արձագանգը՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրին համար, որպէսզի Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը։

Բաց աստի, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ Ուաշինկթընի շփումները աւարտելով անցաւ Լոնտոն, ուր տեսակցեցաւ Անգլիոյ վարչապետի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Սըր Թիմ Պարոուինի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանի իրադրութեան եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Հայաստանի ջանքերը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023