ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՀՈՎԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ անլուծելի հարց մը գոյութիւն չունի։

Երէկ, դէպի Աթէնք պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Էրտողան Յունաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալւեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քաթերինա Սաքելլարոփուլոյի կողմէ։ Պաշտօնական այցելութեան զուգահեռ՝ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 5-րդ ժողովը, որու ընթացքին Էրտողան բանակցութիւններ վարեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Ընդհանրապէս, շփումներուն ընթացքին բարեկամութեան հովեր փչեցին։ Նախագահ Էրտողանն ալ յայտնեց, որ Եգէականը խաղաղութեան ու համագործակցութեան ծովու մը պէտք է վերածուի։ Էրտողան եւ Միցոթաքիս որոշած են ամէն տարի առնուազն անգամ մը հանդիպիլ։ «Մենք կը մաղթենք առկայ խնդիրները լուծել հասարակաց ջանքերով՝ շինիչ երկխօսութեան, բարիդրացիութեան եւ միջազգային իրաւունքի շրջանակներէն ներս։ Եգէականի եւ Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումներուն շուրջ կարծիքներ փոխանակեցինք։ Մեր արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցինք քննարկել աշխատանքները։ Մեր երկիրներու փոքրամասնութիւններու բարօրութեան բարձրանալը մեր յարաբերութիւններուն պիտի նպաստէ։ Կարեւոր է, որ Կիպրոսի հարցը արդար ու մշտական լուծում մը ունենայ՝ կղզիի իրողութիւններուն հիման վրայ», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Միցոթաքիսն ալ տեղեկացուց, որ Անգարա եւ Աթէնք որդեգրած են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 10 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը։ Միցոթաքիս յայտնեց, որ արժեւորուած են տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ու կողմերը համակարծիք են՝ ծայրայեղական դիրքորոշումներու չէզոքացման, անզէն քաղաքային ժողովուրդի խնայման ուղղութեամբ։ Վարչապետը նշեց, որ Կիպրոսի հարցին շուրջ Յունաստանի տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումները։

Ի լրումն այս բոլորին, Միցոթաքիս տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները ամէն տարի 7 օր առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան պիտի կարողանան Եգէականի արեւելքի կղզիները ազատօրէն այցելել։

Էրտողան Աթէնքի մէջ իր պաշտօնակցին հետ զրուցելու ընթացքին ալ ընդգծեց, որ ապագայի տեսակէտէ աւելի բարեբեր պիտի ըլլայ խօսիլ բաժակի լեցուն մասին շուրջ։ Իր կարգին, Սաքելլարոփուլոն ալ յայտնեց, որ այժմու դրական քաղաքական կամքի զարգացումը աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023