ՈՒՍԹԱՊԱՇԸ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին՝ երէկ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս տեղի ունեցած ընտրութեամբ։ Այսպէս, առցանց քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմը։ Այս մէկը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կարեւոր մարմիններէն մին է, ուր փոքրամասնութիւնները ունին ներկայացուցիչ մը։ Հարկ է նշել, որ Ճան Ուսթապաշը արդէն միակ թեկնածուն էր։ Իրեն առընթեր, յոյն համայնքէն իրաւաբան Միխայիլ Փիւսքիւլօղլուն ալ ընտրուած է՝ որպէս պահեստի անդամ։
Երէկ, Ճան Ուսթապաշըին հետ կարճ զրոյց մը ունեցանք՝ իր վերընտրութեան առթիւ։ Ան նախ մաղթեց, որ այս արդիւնքը բարեբեր ըլլայ բոլորին՝ փոքրամասնութեանց համայնքներուն եւ վաքըֆներուն համար։ Ապա ան մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Անցեալ անգամ հապճեպով պաշտօնի ձեռնարկած էի՝ փոխարինելով Պարոն Մորիս Լեւիին, որ տարիքի բերմամբ անակնկալօրէն թողած էր պաշտօնը։ Այս անգամուան պաշտօնամուտս կ՚ըլլայ աւելի փորձառութեամբ ու գիտակցութեամբ։ Յառաջիկայ շրջանին համար երկու հիմնական առաջնահերթութիւն որդեգրած եմ։ Առաջին առթիւ կը նախատեսեմ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն միջեւ կամուրջ դառնալ։ Արդարեւ, մեր բոլոր համայնքները պէտք է կարողանան իրարմէ օգտուիլ աւելի ազդու ձեւով։ Երկրորդ՝ կը նախատեսեմ փոքրամասնութիւններու առգրաւեալ (mazbut) վաքըֆներու վրայ աշխատանք տանիլ։ Թէ ինչո՞ւ անոնք մատնուած են այդ վիճակին ու մանաւանդ՝ ի՞նչ ճակատագիր ունեցած է անոնց ստացուածքը։ Այս բոլորով պիտի հետաքրքրուիմ ու կը կարծեմ, որ սա պիտի ըլլայ հետաքրքրական»։
Ի պատասխան մեր հարցման՝ Ճան Ուսթապաշը խօսեցաւ նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց վարչական խորհուրդներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Իր խօսքով՝ ընտրութեան պարագաները տակաւին չեն յստակացած։ Թէեւ Վաքըֆներու խորհուրդը այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ որոշումը առած է, սակայն տակաւին կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած։ Ան յիշեցուց, որ ընտրական կանոնադրութիւնը պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ կրնայ մտնել՝ միայն Պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելէ վերջ։