ՊՐԻՒՔՍԷԼԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ Եւրոմիութեան ուժեղ աջակցութիւնը։

Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ժոզէֆ Պորէլ ժողովէն առաջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստանի իրավիճակը կը պահանջէ մեր ուժեղ աջակցութիւնը։ Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք սա ընել։ Պէտք է հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս օրակարգի վրայ պահենք Արեւելեան գործընկերութիւնը, որովհետեւ խօսքը մեր արեւելեան սահմանի մասին է»։

Արարատ Միրզոյեանն ալ Արեւելեան գործընկերութեան այս ժողովին ընթացքին հերթական անգամ ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Կը հաղորդուի, որ Եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներ Պրիւքսէլի ժողովի ընթացքին աջակցութիւն յայտնած են Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներուն ի նպաստ։ Հարկ է նշել, որ Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած երէկուան ժողովին ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Յամենայնդէպս, ժողովէն առաջ հաղորդուած էր, որ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ որեւէ հանդիպում չէ նախատեսուած։ Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Ժոզէֆ Պորէլի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պորէլ զրոյցի ընթացքին գանգատ յայտնեց, որ Եւրոմիութեան կարգ մը պաշտօնեաներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը խաթարեն անոր անաչառ միջնորդի դերը։

Պրիւքսէլի երէկուան ժողովի շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան իր տեսակցութիւնները՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Քոլոննա անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն։ Տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջին մէջ Միրզոյեան Քոլոննայի նկատառման յանձնեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային զանազան հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Ի լրումն այս բոլորին, նախարարները կանգ առին հայ-ֆրանսական երկկողմանի օրակարգի եւ զանազան ոլորտներէ ներս գործնական համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ, նաեւ խօսեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութիւնը խորացնելու, ընթացիկ ծրագրերը կեանքի կոչելու ճանապարհին համագործակցութեան պատրաստակամութեան ու յանձնառութեան մասին։

Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները յարաբերաբար աւելի սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեցին Միրզոյեան-Քուլեպա զրոյցին շուրջ։ Այսպէս, նախարարները կարծիքներ փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան շուրջ։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ տարածաշրջանային հարցերու։

Միւս կողմէ, Պրիւքսէլի ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Եւրոմիութիւնը պիտի ուժեղացնէ ջանքերը Արեւելեան գործընկերութեան վերականգնման, կայունութեան եւ բարեփոխումներու օրակարգը կեանքի կոչելու համար։

Այս շրջանին օրակարգի վրայ է նաեւ Հայաստանի՝ ԵՄ-ի կողմէ ռազմական օժանդակութիւն ստանալը։ Պրիւքսէլի ժողովը առիթ հանդիսացաւ նաեւ, որ այս հեռանկարին շուրջ ալ յստականան որոշ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Հայաստանի ի նպաստ Եւրոմիութեան հաւանական աջակցութիւնը կրնայ ենթադրել պաշտպանական սարքաւորումներ, ապատեղեկատուութեան դէմ պայքար եւ սիպեր յարձակումներու դէմ պաշտպանութիւն։ Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Օլիվէր Վայհէլյին ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է զարգացնել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023