ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Խելք վաստակիլն ու իմաստութիւն պահելը օգուտ կու տա՞ն մարդուն:
Պատասխան. Անշուշտ կու տան: Առակագիրը կը գրէ. «Խելք վաստակողը իր հոգին կը սիրէ, իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ» (Առ 19.8):
Ոմանք պիտի ըսեն, քիչ մը տարօրինակ է ըսուածը, որովհետեւ բոլորն ալ խելք ունին: Ճի՛շդ է, բոլորն ալ խելք ունին, բայց բոլորը չէ՛ որ խելք կը վաստակին: Ունենալն ու վաստակիլը տարբեր բաներ են: Ունենալը շատ յաճախ ուրիշի մը կողմէ տրուածի հասկացողութիւն ունի, ինչպէս այստեղ, երբ կ՚ըսենք թէ բոլորը խելք ունին, այո՛, ունին, որովհետեւ Աստուած բոլորին խելք շնորհած է: Բայց երբ կ՚ըսենք այսինչը խելքը վաստակած է, կամ խելք վաստակած է, ատով ըսել կ՚ուզենք, թէ այդինչ մարդը իրեն տրուած խելքը արդիւնաւորած է, աշխատած է, ջանք թափած ու արդիւնքի հասած է, եւ արդիւնքի հասնելով շահած է:
Առակագիրին այս տողին մէջ արդարեւ այդ յոգնութիւն, արդիւնքը կամ շահը կապուած է հոգին սիրելուն հետ: Խելացի մարդը, խելքը գործածող մարդը, այլ խօսքով Աստուծոյ իմաստութեամբ առաջնորդուող մարդը իր հոգին կը սիրէ: Հոգին սիրող մարդը ինքզինք կ՚ազատէ, զերծ կը պահէ թէ՛ այս աշխարհի վրայ անիմաստ եւ անարդիւնք չարչարանքներէ եւ թէ յաւիենականին մէջ յաւիտենական կորուստէ:
Իւրաքանչիւր ոք ով խելացի է, իր խելքը գործածել գիտէ, հապա կը սիրէ ու կը գուրգուրայ իր հոգիին վրայ, վախնալով, միաժամանակ գիտակցելով, որ եթէ մոլորի ու ճշմարտութենէն հեռանայ, ապա իր հոգին կրնայ կորսնցնել յաւիտեան: Աւելին, իր հոգին սիրող մարդը միշտ կը մտաբերէ Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «4Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել։ 5Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք։ 6Հինգ ճնճղուկը տասը դահեկան չ՚արժե՞ր, եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած չէ։ 7Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին» (Ղկ 12.4-7)։
Իսկ իմաստութիւն պահելով, առակագիրը հիմնականին մէջ նկատի ունի Աստուծոյ թելադրութիւնները, պատգամները, պատուիրանները, օրէնքները պահողը իմաստուն է, որով այդպէս վարուելով բարիք կը գտնէ եւ իր հոգիին ու անձին շինութիւն, բարօրութիւն կը բերէ: Շատերու համար, մանաւանդ այս օրերուն երբ նիւթի եւ նիւթականի իշխանապետութեան դարուն մէջ կ՚ապրինք, Աստուծոյ պատուիրաններով առաջնորդուիլը ժամանակավրէպ կը համարուի, որովհետեւ ըստ այդպիսիներուն ժամանակները փոխուած են, պայմանները փոխուած են եւ մարդիկ այլեւս չե՛ն կրնար այդ պատուիրաններով ընթանալ: Այդպէս մտածողները իրականին մէջ ո՛չ թէ իրենց համոզմունքն է որ կը յայտնեն, այլ՝ իրենց մէջէն սատանան է որ կը խօսի, փորձելով դիրքի, պաշտօնի ու հարստութեան հասած ազդեցիկ մարդոց միջոցով ինչքան հնարաւոր է շատ մարդիկ մոլորեցնէ եւ իր ետեւէն գեհեն տանի: Ընդհակառակը, Աստուծոյ պատուիրաններով առաջնորդուիլը՝ մանաւանդ նիւթականացած այս օրերուն մէջ, իւրաքանչիւր անհատի համար մէկական ՎԱՀԱՆ են, որ այդ պատուիրանները պահողներուն եւ անոնցմով առաջնորդուողներուն կը պահեն ու կը պահպանեն երեւելի եւ աներեւոյթ բազամթիւ յարձակումներէ, դժուարութիւններէ եւ նեղութիւններէ: Ան որ ամօթ կը համարէ Աստուծոյ պատուիրաններով առաջնորդուիլը, ապա անպայմանօրէն կա՛մ այս կեանքին մէջ որոշ հանգրուանի մը, եւ կա՛մ հանդերձեալին մէջ ամօթով պիտի մնայ եւ իր ամօթը ծածկող մը, կամ փարատող մը պիտի չըլլայ…:
Ամօթ չհամարենք Աստուծոյ պատուիրաններով՝ իմաստութեամբ առաջնորդուիլը, ընդհակառակը այդ պատուիրանները մեզի որպէս նիզակ ու վահան ունենանք՝ անոնցմով կարենալ յաղթական դուրս գալու մեր պանդխտութեան այս տարիներու պայքարներէն: Կառչինք իմաստութեան, որպէսզի բարիք գտնենք եւ մեր գտած բարիքներով կիսուելով մեր նմաններուն հետ արժանի ըլլանք փառաւորելու այդ բարիքները շնորհող Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
Հ. Ի՞նչ կը նշանակէ իմաստունին հետեւեալ գրածը. «Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր, նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել» (Առ 19.10):
Պ. Այստեղ փափկութիւն պէտք է հասկնալ նաեւ հարստութիւն, դիրք, պաշտօն, որով իմաստունը կ՚ըսէ, եթէ յիմար մը՝ իմա՛ տգէտ մը երբ հարստութեան հասնի, դիրք կամ պաշտօն զբաղեցնէ, ապա ո՛չ միայն ինքն իրեն օգուտ չի՛ կրնար տալ, այլ՝ իր ձեռքին տակ եղած հնարաւորութիւնները, միջոցները կը մսխէ, վնաս հասցնելով ինքն իրեն, իր շուրջիններուն եւ ամբողջ ընկերութեան: Նոյնքան վտանգաւոր է, երբ ծառայ մը, ստրուկ մը իշխանութեան գլուխ անցնի, որով վա՜յ է եկեր այդ երկրին, կամ ժողովուրդին կամ քաղաքին, որովհետեւ ծառայի մը կամ ստրուկի մը ղեկավարութիւնը այլ բան չի՛ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ հալածանք, չարչարանք ու տանջնաք հասցնել իր ենթականերուն, այդպիսով մտածելով իր վրէժը լուծած ըլլալ իր անցեալին համար:
Հոգեւոր առումով երբ մարդ թոյլ տայ իր կիրքերուն, բնազդին, ցանկութիւններուն, մեղքին որպէսզի տիրեն իր վրայ, ապա այդ մարդուն վերջը լաւ չի՛ կրնար ըլլալ, ընդհակառակը, այդ մարդուն վերջը յաւիտենական կրակը, տանջանքն ու չարչարանքները կ՚ըլլան, որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, այն ալ՝ յաւիտենական մահ: Մեղքերով, կիրքերով ու ցանկութիւններով մարդը կոյր կ՚ըլլայ, հակառակ անոր որ իր աչքերը բաց են, կը տեսնէ ամէն ինչ, բայց ներքնապէս՝ հոգեպէս կոյր է եւ իր այդ ներքին կուրութիւնը շա՜տ աւելի ծանր հետեւեանքներ կ՚ունենայ տուեալ մարդուն վրայ քան արտաքին կուրութիւնը: Արտաքին կուրութեամբ մարդ կը զրկուի իր նմանները, իր միջավայրը, բնութիւնը, մէկ խօսքով աշխարհը տեսնելէ, իսկ այս զրկանքը ոչինչով կրնան ազդել իր հոգիին վրայ կամ վնաս պատճառել անոր հոգիին, բայց ներքին կուրութեամբ մարդ կը զրկուի զԱստուած տեսնելէ, ինչը մարդուն հոգիին ամենէն մեծ ու ծանր վնասն ու կորուստն է, որով տուեալ մարդը կը զրկուի ամէն ինչէ, որովհետեւ երբ մարդ զրկուած ըլլայ զԱստուած տեսենելէ, ապա միւս տեսած բոլոր բաները ունայնութեամբ ունայնութիւն են եւ ո՛չինչով կրնան օգտակար ըլլալ իրեն:
Հետեւաբար հսկենք մեր անձերուն, որպէսզի մեր ներսը գտնուող ծառաները, ստրուկները՝ մեղքը, ցանկութիւնը, կիրքը եւ բնազդը յանկարծ իշխան չդառնան մեր ինքնիշխան բնութեան վրայ, մեզ յաւիտենական կորուստի տանելով, այլ պահպանենք մեր ինքնիշխանութիւնը իշխաններու Իշխանին առաջնորդութեամբ, օրհնութեամբ եւ պարգեւած իմաստութեամբ, որպէսզի այդ մեզի տրուած ինքնիշխանութեամբ կարենանք յաղթական կերպով ճանապարհորդել դէպի յաւիտենականութիւն, մտնելու յաւիտենական յարկերէն ներս, մասնակից դառնալու Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած սեղանին եւ յաւէտ օրհնելու եւ գովաբանելու զԻնք, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 72
Վաղարշապատ