ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, լրագրող մը իրեն հարց տուաւ, թէ արդեօք ներկայիս դիւանագիտական միջոցներով կը մշակուի՞ն Ռուսաստանի տանտիրութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման մը կազմակերպչական աշխատանքները։ Ի պատասխան՝ փոխ-նախարարը հաւաստիացուց, որ ռուսական կողմը միշտ պատրաստ է նման աշխատանքի։

«Ռուսաստան միշտ պատրաստ է ընդունիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ կը յուսայ, թէ անոնք հաշուի կ՚առնեն համապատասխան առաջարկի արդիականութիւնը։ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ վարելու մեր առաջարկները բաց են Երեւանի եւ Պաքուի մեր գործընկերներուն համար», ըսաւ Կալուզին եւ յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կը յիշեն ու կը հասկնան այս բանը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը մեկնաբանեց նաեւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի մինչեւ տարեվերջ կնքուելու հաւանականութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ այս հարցը պէտք է ուղղել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն։ «Բայց ըսեմ, որ բախտը միշտ ալ կայ, այլ հարց, թէ կ՚օգտուի՞ն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը», նշեց Կալուզին։

Միխայիլ Կալուզին մեկնաբանեց նաեւ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան առաքելութեան ընդլայնման վերաբերեալ որոշումը։ Իր խօսքով՝ սա անօգուտ քայլ մըն է, որ միայն Հարաւային Կովկասէ ներս լարուածութեան մեծանալուն պատճառ կրնայ դառնալ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ժամկէտները պէտք է որոշուին այդ իսկ երկիրներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023