ԵՐԵՒԱՆ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 75-ամեակին ձօնուած բարձրաստիճան յոբելենական ձեռնարկներուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ծիրէն ներս, Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Իլզէ Պրանտս Քեհրիսի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած էթնիք զտման հետեւանքով Հայաստան ապաստանած 100 հազար հայերու կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Երուսաղէմի հայկական թաղամասի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023