ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

ԺԲ.

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

Բնութեան կենսական ուժը: Հիւանդոտ սերունդներու վիճակը: Ընտանիքներու եւ ազգերու բարոյական անկումը: Կենդանական եւ բուսական ցեղերու ազնուացումը: Վերջին խօսք:

Սքանչելի բնութիւնը անդադար կը բեղմնաւորուի ու կը մայրանայ: Կեանքի թելը երբեք չի՛ կտրուիր: Ան անհամար դարերու մէջէն կ՚անցնի, որովհետեւ հիւսուած է բնութեան անսպառ կենսական նիւթերէն:

Կեանքը մահէն կը ծնի:

Հինը, փտածը, քայքայուածը կը մեռնի, կը ձուլուի մայր բնութեան հետ եւ կեանքի այս փլատակներուն մէջէն նորանոր կեանքեր կը բուսնին:

Եւ միայն կենդանիներն ու բոյսերը չեն, որ կ՚ապրին ու կը բեղմնաւորուին: Քարն ու հողը, ջուրն ու օդը նոյնպէս բնութեան այն ուժով կ՚ապրին, որ մահուան մէջ եւս կեանք դրած է: Եւ ո՜րչափ մեծ է այդ ստեղծագործիչ ուժը. իւրաքանչիւր կենդանի էակ, իւրաքանչիւր բոյս իր մէջ անհամար կեանքերու սաղմեր կը պարունակէ. նորածին աղջիկը իր մէջ 300 հազար երեխայի սերմեր կը կրէ, տղան առաւել եւս:

Եթէ այս բոլոր սերմերը բեղմնաւորուէին, երկրի երեսը մէկ օրուայ ընթացքին բոյսերով ու կենդանիներով կը ծածկուէր: Սակայն, այս սոսկալի աճումին կը խանգարէ կեանքի կռիւը:

Կեանքի կռիւը, ապրելու այս պայքարը կատաղի կերպով ամէն տեղ կը մղուի, բնութեան բոլոր անկիւններուն մէջ, կենդանական եւ բուսական էակներուն մէջ:

Իւրաքանչիւր էակ կը կռուի այն զէնքով, որ բնութիւնը անոր ձեռքը տուած է: Այս անողոք պատերազմին մէջ կ՚իյնայ, կը տապալի, ոտքի տակ կը տրորուի տկարը, անզէնը: Այսպիսով անհետացած են, եւ մեր աչքի առջեւ կ՚անհետանան բուսական եւ կենդանական ցեղեր, մարդկային ամբողջ ազգեր:

Ասպարէզը զօրաւորին կը մնայ, յաղթողը ան է, ով լաւ զինուած է այս կռուի համար, ով բնութենէն ստացած է ֆիզիքական եւ մտաւոր զօրեղ ուժ, դիմացկոտութիւն, տոկունութիւն:

Ի՛նչ պատասխանատու գործ՝ ծնունդ տալ նոր էակի մը:

Այս էակը հիւսուած է մեր սեփական կազմուածքի հիւթերէն, այսպիսով ան կը նմանի մեզի: Ան մեզմէ կը ժառանգէ իր ֆիզիքական եւ բարոյական յատկութիւնները:

Տկար ծնողները օր կու տան տկար, ցաւագար եւ արատաւոր սերունդի, որ անընդունակ է դիմանալ կեանքի կռուին եւ կը խոնարհեցնէ իր գլուխը բախտի հարուածներուն տակ… Այլասերում, ցեղի վատացում, տկարացում, ապրելու անկամութիւն եւ անկարելիութիւն:

Այո՛, պատասխանատու գործ է զաւակ ստեղծելը, զայն կեանքի հնոցին մէջ նետելը՝ անպաշտպան, անզէն, վատուժ, այլասերուած եւ անպէտք կռուի համար:

Ի՛նչ է այդ ողորմելի արարածի վիճակը:

Ան ոտքի տակ կ՚իյնայ, կը տրորուի, կը տապալուի կամ քարշ կու տայ իր խղճուկ կեանքը, միշտ հասարակական ցած պատուանդաններու վրայ մնալով, միշտ նախանձով ու ատելութեամբ նայելով անոնց վրայ վարէն վեր, որոնք տաղանդի, ընդունակութիւններու եւ կամքի ուժով բարձրացած են վեր, դէպի յաղթական պալատները…:

Ի՜նչ դառն, յուսահատեցնող վիճակ:

Ձգտիլ, փափաքիլ հասնելու համար որեւէ մէկ դրութեան, ուսանիլ ամբողջ տարիներ, նոյնիսկ համալսարան աւարտել եւ անդադար զգալ իր մարմինի խորքերուն մէջ հիւանդական ժառանգական սաղմերու աճումը եւ անդադար զարգացումը, որ կամաց-կամաց անողորմ կերպով կեանքի թելերը կը բարակացնէ:

Սարսափելի է, այո՛, տարիներով ճգնիլ [սորվիլ] արհեստ մը, գիտութիւն ձեռք բերելու, եւ երբ վաղեմի փափաքին հասած, մարդ յուսալից սիրտով կը պատրաստուի ոտք դնել կեանքի մէջ, յանկարծ սոսկալի թոքախտը կը տապալէ խեղճին ծաղիկ հասակի մէջ, կամ ժառանգական ներկայութիւնը կը մղէ դէպի խելագարութիւն եւ ինքնասպանութիւն:

Մեռնիլ, ոչնչանալ, երբ մարդ այդքան կենսական ուժ կը զգայ իր մէջ, երբ այդքան պայծառ կը փայլի կեանքի արեւը, անհետանալու հազիւ աչքերը բացած, հազիւ երկրի բարիքներու համը առած, հազիւ իր երակներուն մէջ կեանքի հոսանքը զգացած: Անհետանալ, կորսուիլ եւ այն ալ ծնողներու մեղքէն…:

Ծնողնե՜ր. ինչքան խղճալի են նաեւ անոնք. ի՜նչ անմխիթար, սիրտ տոչորող կսկիծ, տեսնել ինչպէս աչքի առջեւ որդիները կը հալին, անվերջ տարիներ դիտեն սիրած էակներուն արատաւորուած, հիւանդոտ, այլանդակուած՝ մէկը խուլ-համր, միւսը՝ ընկնաւոր եւ հիստերիկ, մէկ երրորդը՝ անգլիական ախտով բռնուած, կուզիկ, ողնաշարը կորացած, յօդերը ուռած, ոսկորները փտած, մէկ ուրիշը սակաւարիւն, նիհար, կուրծքը խոր ինկած, նուազ, բարակ անդամներով, վիզի խլերը բորբոքուած, թարախակալած, եւ հազը, թոքախտի այդ սարսափելի նշանը, կուրծքին մէջ…:

Եւ եթէ մահը առժամանակ կը խնայէ այս տառապեալներուն, այս այլասերուածներուն, ծնողներուն վիճակուած է ականատես ըլլալ այս թոյլ էակներու անյաջողութեան՝ կեանքի կռուին մէջ, անոնց ոստումները կեանքի ուղիին մէջ, անոնց անկամութեան, անոնց տանջանքներուն եւ յուսահատութեան, անոնց վերջնական տապալումին:

«Այո՛, նոր էակ ստեղծելը ծանր գործ մըն է, կ՚ըսէ Կաղալիս: Ստեղծել եւ ստեղծած ժամանակ անոր աչքերը կուրցնել, ականջները խուլցնել, կամ զայն անդամալոյծ, պակասաւոր, արատաւոր դարձնել, կամ անոր ուղեղին վրայ այնպիսի դրոշմ դնել, որ երեխան անխելք, ապուշ, անբնական, կը ծնի, վտանգաւոր թէ՛ իր եւ թէ ուրիշներու համար, ծանր բեռ է թէ՛ իր եւ թէ ուրիշներու վիզին, …ստեղծել, նետել զայն կեանքին մէջ, ուր իր արատաւոր կազմութեամբ, իր ջղային վրիպութիւններով պիտի հանդիպի ամենադժբախտ վիճակին»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023