ՄԱՀ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՒՄԱՐՄԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Բաբգէն Արարքցեան։ 79 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ականաւոր պետական-քաղաքական գործիչ ու գիտնական Բաբգէն Արարքցեան, որ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր հայոց պետականութեան ակունքներուն մէջ։ Բաբգէն Արարքցեան վերջին ամիսներուն դժբախտաբար առողջական լուրջ խնդիրներով կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ եւ իրեն համար ի սպաս դրուած խնամքը դժբախտաբար մնացած է ապարդիւն եւ ան երէկ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով հայկական քաղաքական եւ պետական շրջանակներուն։
Բաբգէն Արարքցեան 16 սեպտեմբեր 1944 թուականին ծնած էր Երեւանի մէջ։ Աւարտած էր Մոսկուայի Պետական համալսարանը՝ մաթեմաթիկոսի որակաւորմամբ։ 1966-1968 թուականներուն սովորած էր Խորհրդային Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ ուսողութեան կաճառի մագիստրոսութեան բաժնին մէջ։ Ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու թեկնածու էր, ունէր տոցենդի կոչում։
1968-1971 թուականներուն աշխատած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հաշուողական կեդրոնին մէջ։ 1971-1975 թուականներուն մաթեմաթիքի, յաջորդող երկու տարիներուն ալ գիտաթեքնիք տեղեկատուութեան կաճառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած էր։ 1977-1990 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս կիրառական ուսողութեան ամպիոնի վարիչը եղած էր՝ տոցենդի կոչումով։ Աւելի քան 30 գիտական աշխատութիւններու եւ համալսարանական դասագիրքերու հեղինակ էր։
Գիտական բեղուն գործունէութեան առընթեր, Բաբգէն Արարքցեան հայոց արդի պատմութեան վառ անհատականութիւններէն, մեծագոյն պետական դէմքերէն մին եղած էր։ Ան անդամակցած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէին։ 10 դեկտեմբեր 1988 թուականին ձերբակալուած էր եւ մինչեւ 31 մայիս 1989 թուականը բանտարկուած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէի միւս անդամներուն հետ։ 1990-1991 թուականներուն եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալը։
Բաբգէն Արարքցեան 1991-1995-ին ընտրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ։ Ան 1991 թուականին եղած էր Անկախութեան հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահը, 1994-1995 թուականներուն ալ Գերագոյն խորհուրդէն ներս սահմանադրական յանձնաժողովի համանախագահի պաշտօնը վարած էր։ 27 յուլիս 1995 թուականին ընտրուած էր Ազգային ժողովի նախագահ։ Այսպէսով ան եղած էր անկախ Հայաստանի խորհրդարանի առաջին նախագահը, այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահը։ Այդ պաշտօնէն հրաժարած էր 1998 թուականին, երբ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան տուած էր նաեւ իր հրաժարականը եւ Բաբգէն Արարքցեանն ալ իշխանական խումբին հետ հեռացած էր այդ պաշտօնէն։ 2000-ական թուականներուն Բաբգէն Արարքցեան հիմնադրած ու ղեկավարած էր «Արմատ» հասարակական կազմակերպութիւնը։ Բաբգէն Արարքցեան եղած էր Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի լծակիցներէն եւ անմիջական գործակիցներէն մին։
Բաբգէն Արարքցեանի մահուան կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ալ երէկ ցաւով արձագանգեց Բաբգէն Արարքցեանի կորուստին։ «Մեծ էր պարոն Արարքցեանի նուիրումը համազգային նպատակներու իրականացման վեհ գործին մէջ։ Հանգչեցէք խաղաղութեամբ, պարոն Արարքցեան», ըսաւ Ալէն Սիմոնեան՝ խորին ցաւակցութիւններ յայտնելով անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ գործընկերներուն։
Հարկ է նշել, որ ի յիշատակ Բաբգէն Արարքցեանի այսօր կէսօրուան ժամերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին դիմաց կը բացուի սգոյ յուշամատեան մը: