ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ...

Բնութեան կենսունակութեան վառ ապացոյցներէն մին է բոյսերու վերակենդանացման ու վերանորոգութեան ընդունակութիւնը։ Այո՛, բոլոր արարածները կը ծնին, կ՚ապրին ու կը մեռնին, սակայն, սա փակ շրջան մը չէ՝ որպէս այդպիսին եւ այդ շարունակականութիւնը կը պարփակէ յարատեւութիւն մը, որ բնութեան կենսունակութեան բո՛ւն դրսեւորումը կը հանդիսանայ։

Բնական գեղեցկութիւններով պայմանաւորուած բազում առանձին երեւոյթներ ալ երբեմն այնպիսի խոր տպաւորութիւն կը գործեն, այնպիսի զգացումներ կ՚առթեն, որ մեկնաբանութիւնը ինքնին կը վիճակի գեղարուեստին։

Սալվատոր Տալիի նշանաւոր ժամացոյցները թէեւ առ երեւոյթ օրինաչափութիւններու մէջ չեն տեղաւորուիր, սակայն, իրենց անկրկնելի խորքով լաւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն՝ բնութեան վերանորոգութեան խորհուրդին ներթափանցելու։ Անոնք այնպիսի գլուխ գործոցներ են, որ ակամայ կը բաղդատուին բնական հրապուրիչ գեղեցկութիւններուն եւ անոնց ներգործութեան կարողութիւններուն հետ։

Կատարեալութիւնը մարդկային երեւակայութեան հորիզոնները այնպէս մը կրնայ ընդլայնել, որ ծաղիկներ տեսնելով կրնաս ակամայ ժամացոյցներ մտաբերել։

«Ժամանակի դիմագիծը», «Յիշողութեան դիմադրունակութիւնը», «Ժամանակի ազնուութիւնը»…

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023