ՕՀԱՆԵԱՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ-ԱՄՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ՇԱՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՆ. ՓՈՔՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԻՐ ՄԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԽԱՂՑՆԷ ԶԻՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ»
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Սթոնհիլ» քոլէճի դասախօսներէն քաղաքագէտ Աննա Օհանեան համոզուած է, թէ Կազզէի պատերազմը մեծապէս պիտի վնասէ Իսրայէլի վարկին։ Իր կարծիքը շօշափեցինք Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Աննա Օհանեանի խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Կը խօսուի Կազզէի ճակատագրին խնդրով ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ բաւական լուրջ տարաձայնութեանց մասին։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը։
-Շատ ճիշդ նկատեցիք։ Այստեղ խոցելի կէտը պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակն է։ Իսրայէլ շատ ծայրայեղ միջոցներով յառաջ կը տանի այս պատերազմը եւ սա խորթ հայեացքով կ՚ընդունի ԱՄՆ։ Թէեւ Իսրայէլ միշտ յենած է ԱՄՆ-ի վրայ, բայց Ուաշինկթընէն ներս ալ արդէն դժուարացած է Թել Աւիւին միանշանակ աջակցիլը՝ նոյնիսկ հռետորաբանութեամբ։ Այդ է պատճառը, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը՝ մասնաւորապէս պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը փորձեն հակամարտութիւնը տեղւոյն վրայ պահել, սանձել, որպէսզի Իսրայէլի սահմաններէն դուրս չյորդի։ Մինչ այդ, անոնք կը փորձեն նաեւ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրել։ Մէկ կողմէ անոր կ՚ըսեն, թէ ինքզինքը պաշտպանելու իրաւունք ունի, այսինքն՝ քաղաքական տարածք պէտք է ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, «Համաս»ի ենթակառուցուածքը վերացնելու համար, իսկ միւս կողմէ կ՚ըսեն, թէ պէտք է յարգուին միջազգային իրաւունքները։ Իսրայէլի վրայ ճնշումը շատ մեծ է թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ ԱՄՆ-ի կողմէ։ Շատ խոր խմորումներ կան։ ԱՄՆ-ի միջին մակարդակի պաշտօնեաները ստորագրութիւններ հաւաքած են՝ քննադատելով Պայտընի ամբողջ վարչակազմը։ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ վտանգները բազմաթիւ են։ Որքան շարունակուի այս պատերազմը, այնքան կը շատնայ այլ խաղացողներու հակամարտութեան ներգրաւուելու ռիսքը։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, որքան ձգձգուի խաղաղութիւնը, ԱՄՆ-ի համար այնքան դժուար պիտի ըլլայ շարունակել իր պատերազմը Ուքրայնայի մէջ։ Դժուար պիտի ըլլայ նաեւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները այնպէս կառուցել, որպէսզի կարողանայ Արեւելեան Ասիոյ մէջ իր դաշնակիցները պահպանել։ Այսինքն՝ այս պատերազմի տեւականացումը հսկայ ռիսք է ԱՄՆ-ի համար։ Այդ պատճառով ակնյայտ է, որ Պայտընի վարչակազմը մեծ ճնշումներ կը բանեցնէ Իսրայէլի կառավարութեան վրայ, որպէսզի միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ մնայ։ Բայց կարծես թէ այդ մէկը չ՚իրականանար, որովհետեւ տուեալները կ՚ըսեն, թէ զոհերուն թիւը շատ աւելի բարձր է՝ քան ինչ որ կը հրապարակուի։
-Արաբական աշխարհը եթէ դիտարկենք, ապա կը տեսնենք, որ անոնք Իսրայէլէն ետք թշնամի բառը կ՚ուղղեն ԱՄՆ-ին։ Իսրայէլը սկսա՞ծ է բեռ դառնալ Արեւմուտքի համար՝ հակառակ այսքան հովանաւորութեան, այսքան գումարներու, զէնք ու զինամթերքի, նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով։
-Երբ դիտարկենք Իսրայէլ-ԱՄՆ յարաբերութիւնները, ապա ակնյայտ կը դառնայ քաղաքագիտութեան մէջ նոր երեւոյթ մը, որ է՝ փոքր պետութիւն մը իր մատին վրայ կը խաղցնէ զինքը պաշտպանող մեծ պետութիւնը։ Ինչպէս որ Ատրպէյճան որոշ չափով կ՚օգտագործէ Թուրքիոյ հետ իր կապը, նոյն ձեւով ալ Իսրայէլ կը շահագործէ ԱՄՆ-ի ներուժը։ Այո՛, ռիսքը մեծ է ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի Միջին Արեւելքէ ներս գործունէութեան առումով, այլեւ ամբողջ աշխարհի համար՝ մանաւանդ Եւրոասիոյ համատեսքին մէջ։ Միւս կողմէ, կայ Ուքրայնայի պատերազմը ու այդ առումով զարգացող երկիրներու շահերէն կը բխի Քիեւին աջակցութիւն ցուցաբերելը։ Բայց նոյնիսկ այդ պարզ պատգամը ԱՄՆ չի կրնար ազդեցիկ կերպով թարգմանել զարգացող երկիրներուն եւ Իսրայէլի այս պատերազմը ուղղակի կը դժուարացնէ Ուաշինկթընի դիւանագիտական գործունէութիւնը։ Հաշուի առնելով, որ Չինաստան, Ռուսաստան եւ Իրան շատ ազդեցիկ ձեւով կը համակարգեն, ինչ որ կ՚անուանեն «բազմաբեւեռ աշխարհաքաղաքականութիւն», իսկ ԱՄՆ եւ Արեւմուտք այդ մակարդակով չեն կրնար համակարգել եւ համոզել զարգացող երկիրները այն մասին, թէ Արեւմուտքի յառաջ տարած քաղաքականութիւնը ուղղակիօրէն կը բխի փոքր պետութիւններու շահերէն եւ Ուքրայնայի պայքարը իրենց համար նպաստաւոր է։ Իսրայէլի պատերազմը ուղղակի կը բարդացնէ ԱՄՆ-ի դերը միջազգային հասարակութեան հետ։
-Մենք գիտենք, որ ԱՄՆ-ի իւրաքանչիւր վարչակազմը յատուկ քաղաքականութիւն կ՚որդեգրէ Մերձաւոր Արեւելքի պարագային։ Բայց եւ այնպէս, այսօր բացայայտ է, որ երկրի Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ քաղաքականութիւնը ձախողած է։ Ի՞նչ են ձեր դիտարկումները։
-Ինչպէս ըսիք, ԱՄՆ-ի նախկին քանի մը նախագահները փորձեցին աշխուժօրէն ներգրաւուելով լուծել Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը եւ ստեղծել երկու պետութիւն։ Պաղեստինի պետականութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքը միշտ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան ծիրին մէջ եղած են։ Բայց, Իսրայէլի քաղաքականութիւնը տարիներու ընթացքին սկսաւ ուղղութիւն փոխել եւ սա շատ թուլացուց երկրի ժողովրդավարութիւնը։ Այդ պարունակին մէջ ԱՄՆ կարծէք սկսաւ կորսնցնել Իսրայէլի վրայ ազդելու իր լծակները։ Նախագահ Օպամայի կառավարութենէն սկսեալ արդէն կը փորձուէր դուրս գալ Միջին Արեւելքէն եւ կեդրոնանալ Ասիոյ վրայ։ Բայց հետաքրքրական է, որ Թրամփի կառավարման օրօք «Աբրահամեան համաձայնութիւններ»ը յառաջ տարուեցան, որոնց միջոցաւ ան փորձեց Իսրայէլի եւ շարք մը արաբական եւ ափրիկեան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւել՝ առանց Պաղեստինի հարցին հետեւելու։ Պայտընի կառավարութիւնը նոյնպէս շարունակեց այդ քաղաքականութիւնը եւ «Համաս»ի վերջին յարձակումը փորձեց կանխել Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններով։ Եթէ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնագիրը յաջողէր, ԱՄՆ անվտանգութեան պայմանագրեր կու տար, հիւլէական ուժի խաղաղ զարգացման համաձայնութիւններ տեղի կ՚ունենային։ Այդ բոլորը ԱՄՆ կ՚ուզէր ընել, որպէսզի Սէուտական Արաբիան դուրս քաշէր Չինաստանի ազդեցութենէն, միեւնոյն ժամանակ որպէսզի Սէուտական Արաբիան միանար «Աբրահամեան համաձայնութիւններ»ուն եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկսէր Իսրայէլի հետ։ Մինչեւ հիմա Սէուտական Արաբիան այդ ուղղութեամբ չէ շարժած՝ հասկնալով, որ առանց Պաղեստինի հակամարտութեան լուծման, շատ դժուար պիտի ըլլայ յարաբերութիւններ յառաջ տանիլ Իսրայէլի հետ։ Միջին Արեւելքի գրեթէ բոլոր պետութիւնները մենատիրական են եւ առանց հաշուի առնելու Պաղեստինի հարցը՝ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու սկսիլը անկարելի է։ ԱՄՆ-ի առանց Պաղեստինի հարցը լուծելու տարածաշրջանը կայունացնելու փորձերը փաստօրէն չյաջողեցան։ Նոյնիսկ Ճէք Սալըվըն, «Համաս»ի յարձակումէն ընդամէնը օր մը առաջ «Foreign Affairs»ին գրած էր ԱՄՆ-ի ռազմավարութեան մասին յօդուած մը, ուր կ՚ըսէր, թէ Միջին Արեւելքը արդէն խաղաղ է, իրենք յաջողած են եւ կը շարժին դէպի Արեւելք, այսինքն՝ շեշտը պիտի դնեն Չինաստանի վրայ։ Պարզուեցաւ որ առանց հակամարտութիւնները լուծելու, փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները նկատի ունենալու կարելի չէ այդ մէկը եւ որեւէ միջազգային կառավարման համակարգ չի կրնար գոյատեւել, եթէ փոքրամասնութիւններու շահերը հաշուի չառնուին։ Ամէն ինչ միայն աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու շահերով չի բացառուիր։ Միջազգային քաղաքականութիւնը շատ բազմաշերտ է եւ եթէ կառավարութիւններու միջեւ առանց խորքային հարցերը լուծելու կնքուին այդ համաձայնագիրները, ապա շատ հեռու չեն կրնար երթալ։
-Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը գրեն, թէ վերջին իրադարձութիւնները սկիզբը եղան Իսրայէլի տապալման։ Համաձա՞յն էք։
-Եթէ վերլուծութիւններու համեմատական տեսակէտէն նայինք հակամարտութիւններուն, ապա կը տեսնենք, թէ Իսրայէլի «Համաս»ի ահաբեկչական գործողութիւններուն անհամաչափ պատասխանը, կը կարծեմ, սխալ է եւ ապագային պիտի վնասէ Իսրայէլի շահերուն։ Իսրայէլ անհամաչափ պատասխանով արդէն «Համաս»ը զօրաշարժի ենթարկեց եւ աշխարհի տարբեր ուժեր սկսան Իսրայէլը մեղադրել եւ պաղեստինցիները պաշտպանել։ Սա նաեւ կը թուլացնէ Իսրայէլի ներքին ժողովրդավարական կառոյցները։ Եթէ որեւէ պետութեան ժողովրդավարական կառոյցները թուլանան, արդէն որպէս պետութիւն գոյատեւելը շատ դժուար կ՚ըլլայ։ Չեմ ըսեր, որ սա Իսրայէլի վերջն է։ Անոր կառոյցները շատ ուժեղ են եւ ունի հսկայ տնտեսութիւն, բայց երկիրը այլեւս չի յենուր Արեւմուտքի վրայ, սա արդէն միանշանակ է։ Իսրայէլ դիւանագիտական բաւական կարեւոր աղբիւրներ կը կորսնցնէ։ Ասկէ ետք միջազգային համակարգի մէջ Իսրայէլի դիրքը շատ կը փոխուի։ Շատ կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, թէ այս հակամարտութեամբ Իսրայէլ կարծէք արաբական երկիրներու կառավարութիւններուն վիճակը թուլացուց։ Եթէ այս հակամարտութիւնը շարունակուի, ապա Արաբական գարնան երկրորդ ալիք մը շատ հաւանական է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան