ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ՄՕՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Ներկայ փուլին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը առաւել քան երբեք մօտ են խաղաղութեան համաձայնագրին», յայտարարեց Հաքան Ֆիտան։

Պայրամովի հետ ասուլիսի ժամանակ նախարարը ըսաւ, որ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հասնելու համար։ «Մենք կը կարծենք, թէ այսօր առաւել քան երբեք խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու այս հնարաւորութիւնը դարձած է շատ աւելի իրական եւ այդ բանէն այլեւս պէտք չէ խուսափիլ։ Մենք կ՚ողջունենք դրական յառաջընթացը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ մշտական խաղաղութեան եւ սահմաններու յստակեցման վերաբերեալ համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ», նշեց Հաքան Ֆիտան։

Հաքան Ֆիտան ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ալ քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, Պաքուի յայտարարութիւններուն ժամանակ ան բողոքեց հայկական սփիւռքէն։ «Բոլոր կողմերը պէտք է ձգտին խաղաղութեան եւ կայունութեան։ Դժբախտաբար Արեւմուտքի հայկական սփիւռքը կ՚օգտագործէ հայ ժողովուրդը եւ որոշ երկիրներ Ատրպէյճանի դէմ կը տրամադրէ։ Աւելի լաւ է սա ընելու փոխարէն հայ ժողովուրդը իր ուժանիւթը ծախսէ հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու վրայ», նշեց Հաքան Ֆիտան։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան արդէն կ՚իրականացնեն հերթական համատեղ զօրավարժութիւնները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2023