ԷՐՏՈՂԱՆ-ՊԱՅՏԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Կազզէի պատերազմին։ Էրտողան մատնանշեց Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի տարածքին վրայ կատարուած յարձակումները եւ յիշեցուց առկայ մարդկային ողբերգութեան ժամ առաջ կասեցման անհրաժեշտութիւնը։ Նախագահը յայտնեց, որ եթէ ԱՄՆ Իսրայէլի ի նպաստ անվերապահ զօրակցութիւնը դադրեցնէ, ապա շատ արագ կարելի պիտի ըլլայ հրադադար հաստատել։ Թէ՛ համաշխարհային եւ թէ ԱՄՆ-ի հանրային կարծիքը վերջին օրերուն սկսած է աւելի բարձրաձայնել այս պահանջը։ Ուստի, Էրտողան շեշտեց, որ ԱՄՆ-ին պատմական պատասխանատուութիւն մը կը վիճակի՝ տարածաշրջանէն ներս ժամ առաջ հրադադարի հաստատման առումով։

Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն, Էրտողան եւ Պայտըն անդրադարձան ՆԱԹՕ-ի Շուէտի անդամակցութեան գործընթացին եւ Ֆ-16 ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ հարցերուն։ Անոնք ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային բնոյթով հարցերը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2023