ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՓԱՍՏԱՑԻ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՄՇԱԿՈՒԱԾ ՆԱԽԱԳԾԻՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 22-րդ նիստը, որու ընթացքին բանակցութիւնները գլխաւորեցին երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Ալեքսէյ Օվերչուք։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին առթիւ շեշտուեցաւ, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան շահագրգռուած են փոխադրութեան ուղիներու տեսակաւորմամբ եւ երկու երկիրներու միջեւ բեռներու փոխադրութեան համար նոր երթուղիներու բացմամբ։
Երեւանի մէջ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան կապուած են պատմական, բարեկամական յարաբերութիւններով՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներու վրայ։ «Մենք եւ Հայաստանը դաշնակիցներ ենք։ Ի հարկէ, մեր դաշնակցային համագործակցութեան բարձր թափը պայմանաւորուած է ամենաբարձր մակարդակով խտացեալ ու վստահելի երկխօսութեամբ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը զարգացում կ՚ապրի։ Այդ զարգացումին զուգահեռ՝ Ալեքսէյ Օվերչուք տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան թափն ալ շատ լաւ է։ Իր կարգին, Մհեր Գրիգորեանն ալ յոյս յայտնեց, որ կը պահպանուի նաեւ այդ դրական թափը զբօսաշրջութեան ոլորտի պարագային։
Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ փոխադրութեան համագործակցութիւնը, ուղեւորներուն մատուցուած փոխադրութեան ծառայութիւններու բարելաւման վերաբերեալ հարցերը։ Ալեքսէյ Օվերչուք նշեց, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կարեւոր համաձայնութիւն մը գոյացած է օդակայանի եւ օդագնացութեան սակագիներու եւ վճարներու ներդաշնակեցման վերաբերեալ։ Ռուս փոխ-վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը նպաստաւոր պայմաններ պիտի ընձեռէ հայկական օդային ընկերութիւններուն համար։ Բաց աստի, Օվերչուք առանձնապէս անդրադարձաւ Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու չափազանց կարեւոր երեսակներէն մէկուն, որ կը վերաբերի Մեծամօրի աթոմակայանին ու անոր խաղաղ օգտագործման ոլորտէն ներս կողմերու համագործակցութեան։ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս որոշեց Մեծամօրի աթոմակայանի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման համար աշխատանքներ իրականացնել։ Այս կապակցութեամբ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան նոր շրջան մը կը նախատեսուի եւ այս գծով Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ Երեւանի յայտարարութիւններուն ժամանակ արտայայտեց իր գոհունակութիւնը։
Երեւանի բանակցութիւններուն առիթով Ալեքսէյ Օվերչուք խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան փաստացիօրէն կ՚աջակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուած այս նախագծի իրագործման։ Նոյն ամբողջին մէջ Օվերչուք տեղեկացուց, որ Եւրոասիոյ կայունացման ու զարգացման հիմնադրամի միջոցներով պիտի գանձատրուի Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքի չորրորդ հատուածի շինարարութիւնը։ Այս ուղղութեամբ աջակցութեան ծաւալը պիտի կազմէ 150 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Նիկոլ Փաշինեանն ալ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերը։ Տեսակցութեան ընթացքին վարչապետի կողքին էր նաեւ Մհեր Գրիգորեան։
Երեւանի երէկուան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին հետ նոյնաժամանակ, Մոսկուայի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստան-Հայաստան առաջին հանրային ֆորումը, որու ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի պատգամը հրապարակուեցաւ։ Այս պատգամը ընթերցեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին։ Պատգամին մէջ Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի դաշնակցային կապերը ներկայիս փորձութեան կ՚ենթարկուին, Արեւմուտքը կը ջանայ սեպ խրել եղբայրական երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մէջ։
Բացի Լաւրովի պատգամը ընթերցելէ, Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած դժուարութիւնները ժամանակաւոր ու յաղթահարելի են՝ երկու երկիրներու միջեւ կապերու ապագայ զարգացման հեռանկարով։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը վճռական է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացի մէջ յառաջխաղացման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Մհեր Գրիգորեանն ալ երէկ կրկնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը պիտի ըլլայ երկարատեւ։