ԱՊՐԻԼ ՈՒ ՀԱՍԿՆԱԼ…

Ծնունդն ու մահը անկախ են մարդուս կամքէն, իսկ անոնց միջեւ ձգուած կեանքը, տեսականօրէն, կը տնօրինուի ենթակային կողմէ։ Որքան որ ալ բացառութիւնները շատ ըլլան՝ կեանքի ընթացքին գոնէ բազում նախընտրութիւններ կախում ունին տուեալ անձէն։ Կեանքի զանազան փուլերուն մարդ կ՚ունենայ կարիքներ, որոնց պատմութեան հոլովոյթին մէջ դիմագրաւման եղանակները յաճախ պայմանաւորած են մտայնութիւն, չափանիշներ, որոնցմէ ալ անդին՝ քաղաքակրթութիւն։ Հոգեկան, մարմնական եւ մտային կարիքներէն ծնունդ առած որոնումները կը շարունակուին, միեւնոյն ժամանակ, մարդ արարածը ինքզինքը կը փորձէ ու կը կատարելագործէ անոնց ընդմէջէն։ Կամքը փորձութիւններու պահուն կը դառնայ չափանիշ մը։

«Կեանքը յառաջ նայելով կ՚ապրուի, ետ նայելով կ՚ըմբռնուի», կ՚ըսէ Քիքէկարտ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2023