ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ «Ֆ-16» կործանիչներու եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրներուն առընթեր, զրուցակիցները առանձնապէս անդրադարձան Կազզէի եւ Արեւմտեան Շէրիայի կացութեան։ Հաքան Ֆիտան կոչ ուղղեց, որպէսզի ԱՄՆ Իսրայէլի վրայ բանեցնէ իր ազդեցութիւնը՝ քանի Կազզէի եւ Արեւմտեան Շէրիայի մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ։

Ֆիտան Պլինքընի նկատառման յանձնեց, որ ամբողջական հրադադարի հաստատումէն վերջ Իսրայէլ պէտք է սեղանի գլուխ նստի՝ երկու պետութեան հիմունքով արդար ու մշտական խաղաղութեան հետամուտ լուծման մը քաղաքական գործընթացի մեկնարկին համար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023