ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԻՐԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջերս կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց «Իրնա» լրատուական գործակալութեան համար։ Իրանի պաշտօնական գործակալութեան կայքէջին վրայ տեղ տրուեցաւ այս յօդուածին, որու մէջ Վահան Կոստանեան խորհրդածութիւններ ըրած է՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Այսպէս, սոյն նախագծի նպատակն է ո՛չ միայն ապահովել Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու բարեկեցութիւնն ու շարունակական զարգացումը, այլեւ ստեղծել պայմաններ, ուր թշնամանքի ու պատերազմի, հակամարտութեան ու այլատեացութեան համար անհրաժեշտ կենսապայմանները գոյութիւն չեն ունենար եւ խաղաղութիւնը աւելի շահեկան ու շահութաբեր կը դառնայ՝ քան անկայունութիւնը։ Կոստանեան ընդգծած է, որ այս նախագիծը միտուած է նաեւ կեանքի կոչելու տարածաշրջանային տարաբնոյթ ծրագրեր, որոնք կը նպաստեն Հարաւային Կովկասէ ներս նոր իրականութեան հաստատման՝ բաց սահմաններով, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, մարդկային աշխոյժ կապերով, նաեւ բոլոր հարցերը երկխօսութեամբ ու փոխադարձ համաձայնութեամբ լուծելու փորձառութեամբ ու աւանդոյթով։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հիմնական իմաստն է հաղորդակցային նոր կապուղիներու ստեղծումը, անոնց վերագործարկումն ու զարգացումը՝ ճանապարհներ, երկաթուղիներ, խողովակաշարեր, ելեկտրահանգոյցներ, ելեկտրահաղորդման գիծեր նորոգելու, կառուցելու, կրկին գործարկելու միջոցաւ։ Այդ բոլորը պիտի անցնին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու՝ Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջոցաւ։
Փոխ-նախարարը յօդուածին մէջ մատնանշած է նաեւ, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի գործարկումը հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ կեանքի կոչելու տնտեսական մեծ ներուժով՝ Պարսից ծոցը եւ Օմանի ծոցը Սեւ ծովուն կապող միջազգային տարանցիկ ուղիները եւ «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհային միջանցքը։ Կոստանեան համոզուած է նաեւ, թէ պէտք չէ թերագնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղին, որ առեւտրատնտեսական բոլորովին նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ Իրանի տարածքով ամրապնդել հաղորդակցային կապը այլ կարեւոր գործընկերի մը՝ Հնդկաստանի հետ՝ մանաւանդ Չապահար նաւահանգիստով, որ կը համարուի հանգուցային։
Այս բոլորի լոյսին տակ յօդուածին մէջ շեշտուած է, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ Իրանի անմիջական շահագրգռութիւնն ու ներգրաւումը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» կոչուած այս յաւակնոտ գաղափարը կեանքի կոչելու ճանապարհին։