ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները կը շարունակեն թէ՛ դժուարութիւններ եւ թէ յուսախաբութիւններ դիմագրաւել։ Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ վերջին շրջանին լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուած էր՝ մանաւանդ Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու պարագային մուտքի արտօնութիւններու ընթացակարգի դիւրացման հարցերուն շուրջ։ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ այս ուղղութեամբ պատրաստած էր մասնաւոր տեղեկագիր մը։ Յամենայնդէպս, Եւրոմիութեան անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ այդ զեկոյցին քննարկումը յետաձգել յառաջիկայ մարտին նախատեսուած գագաթաժողովին։ Այս որոշումը Թուրքիոյ անհանգստութեան պատճառ դարձաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման գծով կոմիսար Օլիվէր Վարհէլյիի հետ։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիոյ վերաբերեալ քննարկումներուն յաջորդ գագաթաժողովին յետաձգուած ըլլալը ճիշդ որոշում մը չէ։ Ֆիտան Վարհէլյիի նկատառման յանձնեց, որ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ պարագային պէտք է աւելի արդար եւ աչալուրջ վերաբերմունք մը ցուցաբերէ։ Անգարա Պրիւքսէլէն կ՚ակնկալէ՝ ռազմավարական հայեացքով մը վարուիլ եւ յարաբերութիւնները զարգացնել։