ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳԱՆՁԱՆԱԿ

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 105-րդ տարին։ Հայաստանի պաշտօնական գործակալութեան այս տարեդարձը կը բնորոշուի «Դարու վաւերագրութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսով, որ բացուած է Երեւանի «Մարիոթ-Արմենիա» պանդոկին մէջ։

Աւելի քան դարէ մը ի վեր այս գործակալութիւնը առանցքային դէպքերու եւ դէմքերու զարկերակին վրայ կը պահէ իր մատը։ Այս առումով անոր արխիւը վկայութիւններու անգնահատելի գանձանակի մը բնոյթը ունի։ Ուստի, գործակալութեան տնօրէնութիւնը դիպուկ որոշումով մը տարեդարձի առթիւ ի ցոյց դրած է լուսանկարչական արխիւէն վառ դրուագներ։

Տարեդարձի ցուցահանդէսի բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Արմէնփրէս»ի տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեան, որ բոլոր հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ տարեդարձի օրով պետական գործակալութեան կողքին ըլլալու համար։

«Մենք խորապէս կը գիտակցինք դարու ստեղծած ժառանգութեան կրողները ըլլալու մեր պատասխանատուութիւնը. դար, որ պարզապէս ժամանակագրութիւն չէ, պատմութիւն է, ստեղծուած արժէքներ, բացառիկ իրադարձութիւններ, գործակալութեան հազարաւոր աշխատակիցներ, տասնեակ տնօրէններ, որոնք ձեռագիր թողած են՝ անսահման նուիրումով կերտելով լրագրական գերազանցութեան այս փարոսը։ Հպարտութեամբ կը ներկայացնեմ տօնական այս օրը յիշարժան դարձնելու մեր ձեռնարկը», նշեց Նարինէ Նազարեան եւ աւելցուց, որ արխիւային լուսանկարներու այս ցուցադրութիւնը իւրայատուկ տեսողական ճանապարհորդութիւն մըն է եւ հնարաւորութիւն՝ այդ դրուագներուն միջոցաւ գիտակցութեան մէջ վերստեղծելու տասնամեակներու պատմութիւնը։ Տնօրէնուհին համոզուած է, թէ գործակալութեան միլիոնաւոր ժապաւէններն ու թուայնացուած լուսանկարները պահոցներու մէջ մնալու իրաւունք չունին եւ անոնք զանազան նախաձեռնութիւններով պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը։ Ուստի, կը ծրագրուին պարբերական թեմաթիք ցուցադրութիւններ, որոնք բոլորին պատմութեան հաղորդակից դառնալու հնարաւորութիւն պիտի տան։

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ներկաները դիտեցին նաեւ կարճ, սակայն շատ յատկանշական տեսանիւթ մը, որով ներկայացուեցան «Արմէնփրէս»ի հիմնադրման վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ի պահ դրուած բացառիկ փաստաթուղթերը։

Նոյն առթիւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած կարգ մը երկիրներու դեսպաններ ալ, որոնք ձեռնարկին կը մասնակցէին, հանդէս եկան սրտի խօսքերով։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը, որ 1918 թուականին ստեղծուած է, այս ոլորտէն ներս Հայաստանի յառաջատարներու շարքին է։ Անոր թողարկումները ամէն օր կը թարգմանուին նաեւ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, սպաներէնի, չինարէնի, պարսկերէնի եւ վրացերէնի։ Գործակալութիւնը ունի նաեւ Հայաստանի ամենահին ու ամենամեծ լուսանկարներու արխիւը, որ կ՚ընդգրկէ շուրջ 1 միլիոն դրուագ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023