ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՃԱՐ ՉԷ

Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ Թուր­քիոյ կող­մէ ձեռ­նար­կուած լայ­նա­ծա­ւալ պայ­քա­րի կա­պակ­ցու­թեամբ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու բո­վան­դա­կա­լից յօ­դուած մը գրի ա­ռաւ ա­մե­րի­կեան «The Washington Post» հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թին մէջ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ­-ի դէմ ձեռ­նարկուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ լոյս տե­սաւ Տա­վու­տօղ­լուի այս յօ­դուա­ծը, ո­րու մէջ շեշ­տուած է, թէ ան­պա­տիժ պի­տի չմնան այն ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք Թուր­քիան թի­րախ ընտ­րած են։ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի դէպ­քե­րը ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով թէեւ կրնան առ­թել յու­սա­հա­տու­թիւն եւ ան­ճա­րու­թիւն, սա­կայն Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լուի հա­մոզ­մամբ պատ­մու­թիւ­նը ի­մաստ մը կը ներ­կա­յաց­նէ՝ երբ որ ըն­կա­լուի իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ քննար­կե­լու ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ հա­րա­ւին ծայր տուած դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կը թուին ըլ­լալ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի։

Հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րուն վրայ Թուր­քիա կը դի­մագ­րա­ւէ իր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղեալ բա­զում սպառ­նա­լիք­ներ։ Դա­մաս­կո­սի մէջ օ­րի­նա­կա­նու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած վար­չա­խումբն ու Ի­ՇԻՊ-ը բար­բա­րո­սու­թեան հա­մար կը մրցին ի­րա­րու հետ։ Սու­րիոյ մէջ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ կը մա­հա­նան եւ մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ կը զրկուին ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րէն։ Վար­չա­պե­տը յի­շե­ցու­ցած է, որ ա­նոնց­մէ եր­կու մի­լիո­նը ա­պաս­տան գտած է Թուր­քիոյ մէջ։ Ան ընդգ­ծած է, որ ՓՔՔ­-ի նման այլ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ալ կ՚օգ­տուին այս պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հէն եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կ՚ըն­կա­լեն որ­պէս մի­ջոց՝ ի­րենց նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար։

«Կարճ խօս­քով, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­հա­բեկ­չու­թեան ու քաո­սի շրջան մը ծնած ըլ­լալ կը թուի մեր հա­րա­ւին։ Բայց եւ այն­պէս, ինչ­պէս որ գի­տենք պատ­մու­թե­նէն, գի­շե­րուան ա­մե­նա­խա­ւար պա­հը կը նա­խոր­դէ ար­շա­լոյ­սին։ Մենք ան­ճար չենք ծան­րա­նա­լու հա­մար այն խառ­նաշ­փո­թին վրայ, ո­րուն ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք», գրեց Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ հա­մա­տեղ պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ մին­չեւ որ Ի­ՇԻՊ վերջ­նա­կա­նօ­րէն ոչն­չա­ցուի։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հա­մոզ­մամբ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հագ­նե­րու հետ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, դաշ­նա­կից­նե­րու հետ միա­սին, պի­տի ա­պա­հո­վէ, որ Թուր­քիա ա­հա­բե­կիչ­նե­րու դէմ ա­ւե­լի ազ­դու պայ­քար մը ի­րա­կա­նաց­նէ։ Ինչ­պէս ան­ցեա­լին քա­նիցս ե­ղած է, ե­թէ Թուր­քիա եւ ԱՄՆ գոր­ծեն ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ, ա­պա տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը կրնան հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեան դարձ­նել ու կրնան կա­յու­նու­թեան հա­մար գե­տին ստեղ­ծել։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ Ի­ՇԻՊ հա­սա­րա­կաց թշնա­մի մըն է։ «Մին­չեւ որ ա­նոնց զէն­քերն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը ոչն­չա­ցուին վերջ­նա­կա­նօ­րէն, միա­սին պայ­քար պի­տի մղենք՝ մեր բո­լոր հնարա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով», մատ­նան­շեց Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լու։

Յօ­դուա­ծին մէջ Տա­վու­տօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ՓՔՔ­-ի ա­հա­բեկ­չու­թեան կա­սեց­ման եւ ա­նոր զի­նեալ տար­րե­րու Թու­քիա­յէն հե­ռաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։

Վար­չա­պե­տը յի­շե­ցուց, որ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռա­ւել եւս բարձ­րաց­նե­լով՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու բռնու­թեան վերջ տա­լու նպա­տա­կով պատ­մա­կան գոր­ծըն­թաց մը յա­ռաջ տա­րած են, սա­կայն այս մէ­կը պի­տի չկա­րե­նայ վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի հաս­նիլ՝ ա­ռանց ՓՔՔ­-ի զէն­քե­րէ ու բռնու­թե­նէ հրա­ժա­րե­լէն եւ ա­ռանց ա­նոր զի­նեալ տար­րե­րուն Թուր­քիա­յէ հե­ռա­նա­լէն։

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015