ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ԹԱՓՈՎ ԹՈՒԱՅՆԱՑՈՒՄ

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կեդրոնը կ՚ընդլայնէ իր նախաձեռնութիւնները՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան թուայնացման ճանապարհին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կեդրոնը հետամուտ է թուայնացեալ հայկական պատմամշակութային վայրերու արխիւը հարիւրաւոր կոթողներով համալրելու նպատակին։

Այս ծրագիրը սկսած է 2018-2019 թուականներուն՝ ԹՈՒՄՕ-է ներս կազմակերպուած աշխատանոցներու ընթացքին՝ ուսանողներու կողմէ շարք մը հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու սքենաւորումով։ Լազերային սքենաւորման եւ ֆոթոկրամեթրիի միջոցաւ՝ ԹՈՒՄՕ-ի ուսանողները այս ընթացքին թուայնացուցած են Դիլիջանի ազգային արգելակի Մաթոսավանքը, Արագած լերան Ամբերդ ամրոցը, Քարվաճառի Դադիվանք համալիրը, Շուշիի Ղազանչեցոց մայր տաճարը ու շարք մը այլ վայրեր։ Ցարդ սքենաւորուած է 230 վայր, իսկ Հայաստանի մնացեալ բոլոր կարեւոր յուշարձաններու թուայնացումը կը նախատեսուի յառաջիկայ տարիներուն։ Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս թուայնացուած են Արցախի շարք մը կարեւորագոյն յուշարձանները եւս։ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս վերջ ԹՈՒՄՕ-ի աշխատակիցները բարձրորակ եռաչափ սքենաւորումներու միջոցաւ թուայնացուցած են Մարտունիի, Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Բերձորի 46 պատմամշակութային վայրեր՝ ներառեալ Տիգրանակերտը, Ծիծեռնավանքը, Հակի կամուրջը, այլ շարք մը հնագիտական վայրեր, վանական համալիրներ եւ յուշարձաններ։ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ հատուածներէն ներս եւս 30 պատմական ու մշակութային կոթողներ սքենաւորուած են 2022 թուականի նոյեմբերին։

Այս բոլորի արդիւնքով ստեղծուած բարձրորակ եռաչափ տուեալներն ու մոտելները հնարաւորութիւն կու տան մանրամասնօրէն փաստագրել եւ ուսումնասիրել պատմամշակութային նշանակութեամբ հայկական յուշարձանները՝ նպաստելով անոնց երկարաժամկէտ պահպանման։ Անոնք կարեւոր հիմք եւ աղբիւր կը համարուին կրթական կամ մշակութային աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ թուային մետիա արտադրութեան համար։ Աւելին, եռաչափ պատկերները գիտական հաստատութիւններուն եւ գիտնականներուն հնարաւորութիւն կու տան իրականացնել մշակութային ժառանգութեան դիտարկում, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային՝ պահպանման ու վերականգնման աշխատանքներ։

Ներկայիս ծրագիրը յառաջ կը տարուի մեծ թափով։ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ վայրեր կը թուայնացուին ամէն ամիս։ Յառաջիկայ 2-3 տարուան ընթացքին կը նախատեսուի սքենաւորել եւս 300 հայկական յուշարձան։

Այս ինթերաքթիֆ մոտելները պատմական ակնարկներու եւ համապատասխան այլ տեղեկատուութեան հետ հանրութեան հասանելի դարձնելու համար 2024 թուականին պիտի ստեղծուի առցանց հարթակ մը, որ շարունակաբար պիտի թարմացուի։

«Արխիւը մասնագէտներուն թոյլ պիտի տայ վնասման կամ ոչնչացման վտանգի տակ յայտնուած յուշարձաններու առաւել արդիւնաւէտ դիտարկում իրականացնելու՝ նպաստելով նաեւ վերականգնման ու վերակառուցման ապագայ հաւանական աշխատանքներու», յայտնեց ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023