ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Երէկ, այս առթիւ ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի գիտական շրջանակներէն վառ դէմքեր, ինչպէս նաեւ 12 պետութիւններէ պատուիրակութիւններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին շարք մը երկիրներու ակադեմիաներուն հետ ստորագրուեցան գիտական համագործակցութեան համաձայնագրեր։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան այս առթիւ յայտնեց, որ այս կառոյցը կը հանդիսանայ երկրի բարձրագոյն գիտական կեդրոնը, Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական խորհրդատուն է, իր գոյութեան 80 տարիներուն ընթացքին դժուարին ու բովանդակաշատ ուղի մը բոլորած է, ապահոված է գիտական մեծ նուաճումներ, նաեւ արժանացած համաշխարհային համբաւի։ Սաղեան ընդգծեց, որ հաստատութիւնը ներկայիս կը գործակցի աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներու ակադեմիաներուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Աշոտ Սաղեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բարեփոխումներու ծրագիր մը կեանքի կոչել, որպէսզի արդիականացուին ակադեմիայի համակարգի գործառոյթները՝ համապատասխանելու գիտութեան զարգացման արդի պահանջներուն։

Աշոտ Սաղեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Ակադեմիական քաղաք» նախագծին՝ կարեւորելով այդպիսի խոշորածաւալ ծրագիր մը մշակելու եւ ներդնելու նախաձեռնութիւնը։ «Անհրաժեշտ կը համարեմ նշել, որ սա պէտք է իրականացուի բովանդակային առումով ճիշդ, խոր մասնագիտական քննարկումներու եւ վերլուծութիւններու հիման վրայ», ըսաւ ան։

Յոբելեանին առթիւ Աշոտ Սաղեան հաստատութեան շարք մը աշխատակիցները պարգեւատրեց ակադեմիայի մետայլներով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023