ՍԱՀՄԱՆԻ ՀԱՐՑԸ ԱՌԱՆՁԻՆ
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու որոշուիլը կրնայ ըլլալ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրէն անջատ։ Լոնտոնի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան մեծ խոչընդոտներ չի տեսներ հարեւան Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ ու կը կարծէ, թէ սահմաններու յստակեցման հարցը կրնայ լուծուիլ առանձին։
«35 տարի տեւած հակամարտութիւնը այժմ աւարտած է», ըսաւ Հաճիեւ եւ աւելցուց, որ այժմ Պաքուի ռազմավարութիւնը խաղաղութիւն հաստատելն է, ինչ որ կը պահանջէ երկու կողմերու գործողութիւնը։ Իր խօսքով, խաղաղութեան համաձայնագիրը հրթիռներու գիտութիւն մը չէ։ Պաքուի տեսակէտէ այլեւս խոչընդոտ մը չկայ խաղաղութեան օրակարգի ճանապարհին։
Հիքմէթ Հաճիեւ աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկած հայերուն համար վերադարձի իրաւունք կ՚ապահովուի՝ Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալէ վերջ։ Ան այլեւս անկարելի նկատեց իրաւական անորոշութեան կարգավիճակը։ Հաճիեւ համոզուած է, թէ փոխադարձ իրաւունքներ պէտք է ունենան նաեւ այն ատրպէյճանցիները, որոնք 1988 թուականէն սկսեալ Հայաստանը լքած էին։
Կը հաղորդուի, որ Հիքմէթ Հաճիեւ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Թիմ Պրաունի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային հարցեր, նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւնները։ Թիմ Պրաուն ներկայ ամսուան սկիզբին տեսակցած էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։