ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Աթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ զգալի քայլերու ձեռնարկուած են։ «Report» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ բանբերը նշեց, որ ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ առնուած քայլերը։ Իր խօսքով՝ ՄԱԿ պատրաստ է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին յառաջխաղացման ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու։

Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ Անթոնիօ Կութերես չի փափաքիր որեւէ գործընթացի ներգրաւուիլ՝ պարզապէս ներգրաւուած ըլլալու համար, սակայն, միշտ պատրաստակամ է աջակցութիւն ցուցաբերելու այն շրջանակներուն, որոնք արդէն գոյութիւն ունին։

Տիւժարիք տեղեկացուց նաեւ, որ Կութերես Պաքու պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրի կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023