ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԷՐՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Պաքուի կողմէ իրականացուած Արցախի հայոց էթնիք զտման հետեւանքներուն։
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ու տեւական խաղաղութեան հաստատման, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումները։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն մասին՝ անդրադառնալով այն հիմնական սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն հայկական դիրքորոշման հիմքը։
Միրզոյեան եւ Էրօ կանգ առին նաեւ Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ հետաքրքրուած միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ։