ՊԱՔՈՒ ԱՅԼԵՒՍ ՉՈՒՆԻ ՈՐԵՒԷ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿ

Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը այլեւս որեւէ ռազմական նպատակ չունի։ «Newsweek»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հիքմէթ Հաճիեւ հերքեց առկայ մտահոգութիւնները, ըստ որոնց Ատրպէյճան կը ծրագրէ զէնքի ուժով, Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան ցամաքային միջանցք մը բանալ։ Իր խօսքով՝ Պաքու ականատես կ՚ըլլայ Երեւանի կողմէ կեղծ տագնապի մը։ «Ատրպէյճան այլեւս չունի ռազմական նպատակ։ Մեզի համար պատերազմն ու դիմակայութիւնը աւարտած են։ Մենք հասած ենք մեր արժանի եղածին», ըսաւ ան։

Խօսելով Պաքու-Երեւան բանակցութիւններու մասին՝ Հաճիեւ նշեց, որ տակաւին կը մնան հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտնեց, որ այժմ շատ աւելի մօտ է խաղաղութիւնը եւ այլեւս խնդրայարոյց լուրջ հարցեր չեն տեսնուիր։ Ամերիկեան ամսագրին տուած հարցազրոյցին մէջ Հիքմէթ Հաճիեւ խօսեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մասին։ Ան համոզուած է, թէ Ուաշինկթըն պէտք է փոխէ իր դիրքորոշումը, որպէսզի կարողանայ միջնորդի դեր խաղալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացին մէջ։ Ան քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանի պարագային որդեգրուած դիրքորոշումը։ Հաճիեւ ընդգծեց, որ իր երկիրը օտարերկրեայ օգնութեան կամ աջակցութեան կարիք չունի, ինքնաբաւ է, սակայն շատ կարեւոր է հոգեբանական հանգամանքը, նաեւ քաղաքական հանգամանքը, որպէսզի Ատրպէյճանի նկատմամբ վերաբերմունքը արդար ըլլայ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ ԱՄՆ-ի գործադիր իշխանութեան կողմէ ըլլայ այլ վերաբերմունք։ Երբ որ այդ վերաբերմունքը ըլլայ՝ կրնանք շարունակել», նշեց Հիքմէթ Հաճիեւ՝ Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները Ուաշինկթընի մէջ շարունակելու կապակցութեամբ։

Այս ամբողջին մէջ Հիքմէթ Հաճիեւ մասնաւորապէս անհանգստութիւն արտայայտեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայընի վերջին մեկնաբանութիւններուն մասին, որոնք որակեց միակողմանի ու ոչ-հաւասարակշռուած։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023