ԴԺԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան BBC-ին հարցազրոյց մը տալով ըսաւ.

«Ատրպէյճան կրնայ յայտարարել, որ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջացնելով, սակայն, դժբախտաբար, բառերը բաւարար չեն՝ մենք պէտք է կեդրոնանանք գործերու վրայ։ Փաստ է, որ Ատրպէյճան դժկամութիւն կը ցուցաբերէ միջազգային հանրութեան պաշտպանած սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու ուղղութեամբ»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023