ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնադրման 80-ամեակի յոբելենական երկօրեայ յատուկ նիստի շրջանակներէն ներս, երէկ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ պարգեւատրուեցան խումբ մը գիտնականներ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ յոբելենական նիստի երէկուան փուլին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտութեան ու կրթութեան ոլորտներէ ներս ներդրուած աւանդի համար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետայլով պարգեւատրուեցան խումբ մը գիտնականներ։ «Ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեան» միջազգային մրցանակներն ալ յանձնուեցան նոյն հաւաքոյթի ընթացքին։ Յոբելենական յատուկ նիստի երէկուան փուլին ելոյթներ ունեցան ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայաստանի գիտական ներուժը սպառած չէ՝ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, ընդհակառակն, կուտակուած է եւ ժամանակն է, որպէսզի կառավարութիւնը լուրջ ներդրումներ կատարէ գիտութեան ոլորտին մէջ», նշեց վարչապետը ելոյթին ժամանակ՝ շեշտելով, որ երկրի ապագայի ռազմավարական ծրագրաւորումը գիտութեան ու կրթութեան մէջ է։ Փաշինեանի խօսքով՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թողած փառահեղ ժառանգութիւնը կը դիտարկուի ո՛չ թէ որպէս պարզ արձանագրում, այլ ապագայի համար ռազմավարական ներդրում ընելու առումով անհրաժեշտ ու շատ կարեւոր գործօն։ Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ մշակուած նախագծով՝ ակադեմական քաղաքի ստեղծումը յեղափոխական նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան ու գիտութեան ոլորտին տեսակէտէ։

«Այսօր իսկ Հայաստանի մէջ գործող բազմաթիւ գիտնականներ շատ յստակ ներդրում ունին գիտական նորագոյն նուաճումներու գործին մէջ՝ ընդգրկուած ըլլալով միջազգային գիտական խումբերու, սակայն անոնց գործունէութիւնը բաւարար չափով չի լուսաբանուիր։ Հասարակութիւնը պէտք է ճանչնայ այն բոլոր ականաւոր գիտնականները, որոնք գործ ունին շրջադարձային նուաճումներու հետ», նշեց Փաշինեան։

Ակադեմիայի երդիքին տակ ունեցած ելոյթին ընթացքին, վարչապետը արձանագրեց, որ լրջագոյն բարեփոխումներ կ՚իրականացուին նաեւ մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ոլորտին մէջ։ Փաշինեանի խօսքով՝ բոլոր օղակներու մէջ բարեփոխումները կը զուգորդուին ֆիզիքական ենթակառուցուածքներու զարգացմամբ, մարդուժի եւ պաշտօնէութեան համար ներդրումներ կատարելով, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերու բարձրացմամբ։ «Գիտութեան բնագաւառէն ներս յառաջընթացը հնարաւոր չէր ըլլար առանց աշխատող, յաւելեալ արժէք ստեղծող ու հարկեր վճարող մարդոց ջանքերուն։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակը նաեւ անոնց տօնն է։ 1943 թուականին Հայաստանի մէջ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա ստեղծելու որոշման գործնական արդիւնքն էր միանշանակ եւ աներկբայ մեր երկրի էնսթիթիւսիոնալիզմը», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023