ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հիւրընկալեցին Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Խաչատուրեան մատնանշեց, որ տակաւին 1990-ական թուականներէն սկսեալ արդիւնաւէտ շփումներ տեղի ունեցած են Միջազգային ճգնաժամային խումբին հետ։ Ան բարձր գնահատեց խումբին գործունէութիւնն ու բազմաշերտ վերլուծութիւնները, որոնք կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են քաղաքական որոշումներուն վրայ։
Թէ՛ նախագահը եւ թէ վարչապետը Էրոյի հետ քննարկեցին տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններն ու զարգացումները։ Այս ամբողջին մէջ Խաչատուրեան եւ Փաշինեան առանձնապէս կանգ առին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին վրայ։