ԽԱՂԱՂ ԱՐԳԵԼԱԿՈՒՄ
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ կատարած է՝ ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը գտնուին ամենէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ՝ փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:
Հիմա՝ իբրեւ փաստ օրինակ կը բերուի գերիներու վերադարձը, սահմանի հանգստութիւնը՝ հաստատելու համար, որ վերջին եռամիսը 30 տարիէ ի վեր ամենէն խաղաղ ու կայուն ժամանակաշրջանն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Քարոզչական բնոյթի այս հրապարակումները չեն մոռնար յիշելու Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, բնականաբար, Ատրպէյճանի կանոններով՝ համարկումի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալու պայմաններով:
Նախ արձանագրենք խաղաղութեան կեղծ օրակարգի հանգամանքը: Արցախը հայաթափելէ, այնտեղ ցեղասպանական արարք գործադրելէ, այդ բոլորէն առաջ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելէ ետք, Ատրպէյճան կը խօսի խաղաղութեան շրջափուլի մասին:
Յայտնաբար, սակայն, այս բոլորով չէ գոհացած Պաքուն եւ խաղաղութեան պայմանագրի կէտերը միակողմանիօրէն վերափոխելու ճիգին մէջ է: Պարզ է, որ խնդիրը Նախիջեւան-Ատրպէյճան ցամաքային կապի եւ հաղորդուղիներու վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ սահմանազատման օրակարգին կը վերաբերի: Սահմանազատում՝ Հայաստանի ներխուժուած տարածքներէ առանց հեռանալու, անքլաւներու հարցը Ատրպէյճանի առաջադրանքներով լուծելու ու միայն այս բոլորէն վերջ տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումի կէտին անցնելու…
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականին յայտարարութիւնները միայն այս հանգամանքներով չեն սահմանափակուիր: Ուղերձները թիրախաւորած են այն կողմերը, որոնք երաշխաւորման եւ միջնորդաւորման մրցապայքարի մէջ կը գտնուին՝ այս պարագային նախ Միացեալ Նահանգները: Հաճիեւ ամերիկեան միջնորդութեան ընդունելիութեան դիմաց յստակ պայման կը դնէ. Պայտընի աշխատակազմը միջնորդ ըլլալու համար պէտք է փոխէ դիրքորոշումը: Ուաշինկթընի հրաւէրին ընդառաջ նման յայտարարութիւն կատարելը հարուած է բանակցային գործընթացին, աւելի ճիշդը՝ արգելակում ոչ-ռուսական միջնորդութեան. բնականաբար, ուրեմն, ուղերձ՝ Ռուսաստանին:
Այստեղ չ՚աւարտիր, սակայն, պաշտօնական Պաքուի մարտավարական խաղը: Խաղաղ շրջափուլը բնութագրելու համար Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը կ՚ընդգծէ գերիներու եւ զինուորներու՝ իբրեւ թէ զօրանոցներ վերադարձը: Այստեղ երկու սլաք կայ՝ ուղղուած նաեւ Ռուսաստանին: Գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն կամ միացեալ որոշումի յայտարարութեան մէջ չկայ Մոսկուան: Օրինակին ենթաուղերձը ուղիղ բանակցութիւններ վարելու նպատակը կը հետապնդէ: Ուղիղ բանակցութիւնները նաեւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հարցին կը վերաբերին, հետեւաբար նաեւ կը նախապատրաստեն ենթահող անվտանգութեան երաշխիքներու անհարկիութեան: Ատրպէյճան կ՚երաշխաւորէ անոնց անվտանգութիւնը: Բառացիօրէն՝ Ատրպէյճան անոնց վերադարձին համար կը տրամադրէ բոլոր կարելիութիւնները, որոնց շարքին անվտանգային:
Խաղաղ շրջափուլի հանգամանքները շեշտելով՝ Ատրպէյճանի պաշտօնեան կը հասնի անվտանգութեան ռուսական կամ միջազգային երաշխիքները բացառելու առաջադրանքին: Զինուորներու զօրանոց վերադարձած ըլլալու կեղծ նշումով՝ Պաքու ըսել կ՚ուզէ, որ իմաստազրկուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Նոր շրջափուլ է, հաւանաբար, այս հանգամանքներէն մեկնած, սակայն, ոչ-անպայման խաղաղութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի