ԶԱՒԵՇՏԱԼԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպետովը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ընդհանուր քարտուղարը նախարարին տեղեկացուց անցեալ ամիս Մինսքի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի եւ արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստի արդիւնքներուն մասին։ Արարատ Միրզոյեան եւ Իմանկալի Թասմակամպետով կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Անոնք անդրադարձան փոխադրութեան ու տնտեսական փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղեալ նախագծերուն՝ ներառեալ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հայեցակարգը։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովն ալ երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ։ Այդ աշխատանքը կ՚ընդգրկէ Հայաստան-Ատրպէյճան ամենասուր հակասութիւններու լուծումը։ Ռուս բարձրաստիճան հրամանատարին խօսքով՝ Անդրկովկասէ ներս իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած, սակայն կայունացման յստակ միտում ունի։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան այս տարուան գործունէութեան արդիւնքները ամփոփելու ժամանակ Վալերի Կերասիմով նշեց, որ քաղաքական ոլորտէ ներս իր երկիրը կ՚աշխատի նաեւ՝ Անդրկովկասի փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նպատակով։

Ի լրումն այս բոլորին, ռուս հրամանատարը պնդեց, որ իր երկրի խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւորն են։ Ան ըսաւ, որ անցեալ սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը անվտանգ ձեւով անցած է Հայաստանի տարածք։ Գրեթէ 300 վիրաւոր խաղաղապահներու կողմէ օդային ճամբով փոխադրուած է հիւանդանոց։ «Միեւնոյն ժամանակ, մեր զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել՝ որպէս խաղաղ կեանք կառուցելու եւ բնակիչները տարածաշրջան վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւոր», նշեց Կերասիմով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023