ՓՐԱԿԻ «ՇԱՐԼ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ԴԷՊՔ. 15 ԶՈՀ

Փրակի մէջ երէկ պատահեցաւ սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որուն 15 հոգի զոհ գնաց, իսկ 25 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Չեխիոյ մայրաքաղաքի «Շարլ» համալսարանը մուտք գործած Տաւիտ Քոզաք հրացանով սարսափելի դէպք մը իրականացուց։ 24-ամեայ այս դիպուկահարը, որ միեւնոյն ժամանակ համալսարանի ուսանողներէն մին էր, վայրկեաններ շարունակ փամփուշտ տեղացուց իր շրջակայքը։ Ամբողջ համալսարանը ահ ու սարսափի մատնուեցաւ՝ մինչ բոլորը պաշտպանուելու, ապաստանելու համար մեծ խուճապի ենթարկուեցան։ Անբացատրելի եւ աննկարագրելի այս ծանր պահերը շարունակուեցան՝ մինչեւ որ ոստիկանութիւնը չէզոքացուց դիպուկահար Տաւիտ Քոզաքը։ Այս վերջինը մինչեւ իր սպաննուիլը արդէն 14 կեանք խլեց։ Տեղական ժամով շուրջ 15.00-ին պատահած դէպքի 15-րդ զոհն ալ եղաւ վիրաւորներէն մին։

Փրակի «Ժան Փալախ» հրապարակին վրայ, համալսարանի գեղարուեստից ֆաքիւլթէէն ներս պատահած այս դէպքը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ աշխարհին մէջ։ Դէպքը կը համարուի Չեխիոյ պատմութեան ամենաարիւնալի յարձակումը։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, յարձակումէն առաջ Քոզաք ընկերային ցանցերու վրայ կատարած էր գրառում մը, թէ դպրոցէն ներս յարձակում մը իրականացնել կը փափաքի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2023