ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

AFP հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 1 յունուար 2024 թուականի դրութեամբ կազմալուծման ուղղեալ հրամանագիրը ջնջուած է։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան անցեալ սեպտեմբերի 26-ին ստորագրած էր այդ հրամանագիրը։ Ան երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ այդ հրամանագիրը յետս կոչած է եւ այդ մէկը արդէն դատարկ թուղթ մը կը համարուի։ Սամուէլ Շահրամանեան նշեց, որ որեւէ փաստաթուղթ չի կրնար՝ ժողովուրդի կամքով հիմնուած հանրապետութեան լուծարման ճանապարհ բանալ։

Մինչ այս որոշումը թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած է, որ Սամուէլ Շահրամանեան երէկ իր աշխատակազմի նախագահի տեղակալ նշանակեց Սարգիս Գալստեանը, որ ներկայիս կը շարունակէ բնակիլ Ստեփանակերտի մէջ։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ Գալստեան ի՞նչ գործառոյթներ պէտք է իրականացնէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2023