ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄ

Ֆրանսական աշխարհահռչակ «Christian Dior» վաճառանիշի ստեղծագործական տնօրէնը՝ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան այս շրջանին նոր ոստում մը կ՚ընէ իր բնագաւառին մէջ։ Իր վերջին յղացումը եղաւ «J՚adore l՚or» բոյրը, որ հրապարակ հանուեցաւ «Dior» նորաձեւութեան տան կողմէ։ Նոյն նորաձեւութեան տան հրատարակութիւններուն մէջ ալ լոյս կը տեսնեն այս նոր օծանելիքին վերաբերեալ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ։

«J՚adore l՚or»ը նուրբ միախառն համադրում մըն է նարինջի ծաղիկի, յասմիկի եւ տարբեր մրգային բոյրերու եւ այդ բոլորը յագեցած են «centifolia rose» վարդի հզօր բուրմունքով:

Ֆրանսիս Քիւրքճեան, որ 1969 թուականին Փարիզի մէջ ծնած է, հեղինակութիւն մը կը համարուի անուշահոտութիւններու աշխարհին մէջ։ Ան ցարդ պատրաստած է աւելի քան 100 օծանելիք եւ բոյր։ Իր վայելած հռչակին մէջ կարեւոր դեր խաղացած են «Dior»ի սեփական հաւաքածոյի առասպելներէն «Eau Noire»ը եւ «Cologne Blanche»ը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023