ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը վաղը յետմիջօրէին վերստին պիտի քննարկէ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրը։ Շուրջ երկու ամիս առաջ յանձնաժողովը յետաձգած էր՝ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ արձանագրութեան վաւերացումը։ Այժմ, յանձնաժողովը վերստին օրակարգի վրայ առած է այս խնդիրը։
Խորհրդարանի յանձնաժողովը յետաձգման ժամանակ ունեցած էր այն համոզումը, թէ բանակցութիւնները տակաւին բաւականաչափ չեն հասունցած։ Իսկ ներկայիս, խնդրի վերստին օրակարգի վրայ ընդգրկուիլը կը յաջորդէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին։ Էրտողան այդ զրոյցին կապակցութեամբ տեղեկացուցած էր, որ Պայտըն իրեն ներկայացուցած է՝ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւներու արդիականացման հարցին շուրջ հաւանութիւնն ու Շուէտի անդամակցութեան հաւանութեան հարցը յառաջ տանիլ նոյնաժամանակ։