ԱՆՀԻՄՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ամերիկահայ յայտնի գիտնական ու գործարար աշխարհահռչակ «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի Պաքուի մէջ բանտարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։ Վերջին օրերուն ան BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կրկնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Ռուբէն Վարդանեանին հասցէագրուած պնդումները անհիմն են։ Ամերիկահայ յայտնի ձեռնարկատէրը, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործակիցներէն է, հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ է հետեւեալը.

«Օրինակ, Ռուբէն Վարդանեանը կը մեղադրուի ապօրինի ձեւով Ատրպէյճան մուտք գործած ըլլալով։ Այն ժամանակ, երբ Ռուբէնն ու այլ միլիոնաւոր մարդիկ մուտք գործած են այդ անքլաւը, վերջին 30 տարիներուն, այդ ժամանակ ան անկախ, ինքնավար տարածաշրջան մըն էր, որ իրաւական տեսանկիւնէ չէր ճանչցուած, սակայն, այնուամենայնիւ, միլիոնաւոր մարդիկ մուտք ու ելք ունեցած են այդտեղ»։

BBC-ի հաղորդավարը յիշեցուցած է նաեւ, որ Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի ձերբակալեալ միւս նախկին ղեկավարները կ՚ամբաստանուին՝ ահաբեկչութիւն գանձատրած ըլլալով։ Ի պատասխան Նուպար Աֆէեան ըսած է. «Հաւատացած եմ, անոնք անհիմն մեղադրանքներ են»։

BBC-ի հաղորդման մէջ նոյն կապակցութեամբ Պաքուի պաշտօնական տեսակէտները ներկայացուած են Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023