ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց հարցման առաջարկ մը, որ հասցէագրուած է Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի։ Վերջին օրերուն Սելինա Տողանի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը կը վերաբերի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Գրաւոր առաջարկ մըն է այս մէկը, որ պատրաստուած է Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնադրութեան 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներուն հիման վրայ։
Սելինա Տողան յիշեցուցած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 1908 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կը հրատարկուի անընդհատ։ Իբր այդ, թերթը ականատեսն ու վկան է ոչ միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան, այլ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հայ համայնքի վերաբերեալ լուրերուն առընթեր տեղ կը տրուի նաեւ Թուրքիոյ քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Այս տեսանկիւնէն ԺԱՄԱՆԱԿ պրպտողներու համար շատ կարեւոր աղբիւր մը կը նկատուի։
Հարցման առաջարկին մէջ Սելինա Տողան մատնանշած է, որ պատմական անցեալի տէր հրատարակութիւններու արխիւայնացումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Անոնց արխիւներուն թուայնացումը թէ՛ կը դիւրացնէ ուսումնասիրողներուն գործը եւ թէ կը կանխէ մաշեցումով պայմանաւորուած կորուստները։ Սա միեւնոյն ժամանակ պատմութեան նկատմամբ յարգանքին տեսանկիւնէն պատշաճութիւն մըն է։ Վարչապետարանի Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ որդեգրուած նպատակները եւ անոր վիճակած պարտականութիւնները յիշեցնելով՝ Սելինա Տողան հարց տուած է, թէ այնտեղ արդեօք կը գտնուի՞ն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերաբերեալ արխիւ մը եւ այդ մէկը ի՞նչ վիճակի մէջ է։ Պատգամաւոր Տողան հարց տուած է նաեւ, թէ արդեօք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արխիւը թուայնացուած է, իսկ եթէ ոչ՝ կա՞յ մտադրութիւն մը այս ուղղութեամբ։
TÜRKİYE BÜYÜK MİLLET MECLİSİ BAŞKANLIĞI’NA
Aşağıdaki sorularımın Sayın Başbakan Ahmet Davutoğlu tarafından Anayasa’nın 98. Maddesi ve Meclis İçtüzüğünün 96 ve 99. Maddeleri gereğince yazılı olarak cevaplandırılmasını arz ederim.
Selina DOĞAN
İstanbul Milletvekili
Jamanak Gazetesi 1908 yılından bu yana aralıksız olarak Türkiye’de yayın yapmaktadır. Bu bakımdan sadece Türkiye Cumhuriyeti’nin değil Osmanlı İmparatorluğu’nun son dönemlerine de tanıklık etmiş bir gazetedir.
Gazetede, Ermeni cemaatine ilişkin haberlerin yanı sıra Türkiye’deki günlük siyasal gelişmeler de yer almaktadır. Bu bakımdan Jamanak, araştırmacılar için çok önemli bir kaynak durumundadır.
Tarihi geçmişi olan yayınların arşivlenmesi büyük önem taşımaktadır. Arşivin mikrofilme aktarılması hem araştırmacıların işini kolaylaştırmakta hem de yıpranmalardan kaynaklanan kayıpların önüne geçebilmektedir. Bu aynı zamanda tarihe olan saygının da gereğidir.
“Bölge ve dünya arşivciliğinde öncü ve örnek bir kuruluş olma” hedefini kendisine koyan Başbakanlık Devlet Arşivleri Genel Müdürlüğü’nün “arşiv malzemelerini tespit etmek, toplamak ve kontrol altına almanın yanı sıra arşivcilik metot ve tekniklerine uygun olarak bu malzemeyi korumak,, tasnif etmek ve devamlılığını sağlamak amacıyla kopyalarını çıkarmak” gibi görevleri de bulunmaktadır.
Bu bilgiler ışığında,
1-Başbakanlık Devlet Arşivleri Genel Müdürlüğü’nde Jamanak’a ait arşiv bulunmakta mıdır ve bu arşiv ne durumdadır?
2- Jamanak’a ait arşiv mikrofilme alınmış mıdır? Alınmadıysa alınması düşünülmekte midir?