ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գինը այսօրուընէ սկսեալ կը բարձրանայ 1 թրքական լիրայի։ Այս որոշումը թերթիս վարչութեան կողմէ ընդունուած է ստիպողական պայմաններու ներքեւ։
Աւելի քան տասնհինգ տարիէ ի վեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գինը չէր ենթարկուած փոփոխութեան։ Երէց սերունդէ մեր հաւատարիմ ընթերցողներուն բեռ չդառնալու եւ երիտասարդները հայ մամուլի ընթերցող դարձնելու ճանապարհին խրախուսելու առաջադրութեամբ՝ յամառօրէն յառաջ տարուած քաղաքականութիւն մըն էր այս մէկը։ Ընթացքին գոյացած տարբերութիւնը, բացը կը հաւասարակշռուէր թերթիս այլ միջոցներուն հաշւոյն։ Ներկայիս, դժբախտաբար, այդ հաւասարակշռութիւնները պահպանելը դարձած է անկարելի։ Մասնաւորապէս, համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ հայ մամուլին տրուած ազդերու նուազման պատճառով արդէն սահմանափակուած են նաեւ մեր ընթացիկ մուտքերը։ Ուստի, այս բոլորը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնան թերթիս փոխարժէքին վրայ։
Լիայոյս ենք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ազնիւ ու հաւատարիմ ընթերցողները հասկացութեամբ պիտի ընկալեն այս պարտադիր կարգադրութիւնը։