ՎՃՌՈՐՈՇ ՓՈՒԼ
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ կը գտնուին։ «The Guardian»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ Երեւանն ու Պաքուն այնքան ալ հեռու չեն խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումէն։
«Կարեւոր է հասկնալ, թէ բանակցութիւններու ներկայ վճռորոշ փուլին, երբ մենք, ամենայն հաւանականութեամբ, այնքան ալ հեռու չենք վերջնական համաձայնութենէն, մեզի համար իսկապէս անհրաժեշտ են արդիւնաւէտ գործողութիւններ», ըսաւ Ամիրպեկով։
«Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը վճռորոշ նշանակութիւն ունի մեր ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ։ Սա կը դիտարկուի՝ որպէս այլընտրանքային երթուղի, Միջին միջանցքի շրջանակին մէջ։ Ատրպէյճան այլեւս չի կրնար ժամանակ կորսնցնել, թէեւ Հայաստան տակաւին չէ սկսած ճանապարհի 42 քիլօմեթրնոց հատուածի տնտեսական-թեքնիք հիմնաւորման աշխատանքը։ Ի հարկէ, մենք չենք կրնար Հայաստանը ստիպել ընելու այն բանը, որուն համար պարտաւորուած է աւելի վաղ։ Անիմաստ է ենթադրել, որ մենք կը ներխուժենք, որպէսզի ուժով պատրաստենք։ Այդ պատճառով մենք դիմած ենք Իրանին, որպէս այլընտրանք, անոր տարածքով ինքնաշարժներու եւ երկաթուղիի հաղորդակցութեան ձեւաւորման համար։ Այլընտրանքային ճանապարհի գոյութիւնը կրնայ Հայաստանը ստիպել գիտակցելու որքան կրնայ կորսնցնել՝ շարունակելով դիմադրել այն երթուղիին, որ կրնայ անցնիլ իր տարածքով», ըսաւ Ամիրպեկով եւ աւելցուց, որ Պաքու կը փափաքի կողմերու միջեւ վէճերու լուծման դրութիւն մը ստեղծել։