ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ԲԱՆԱՎԷՃ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Այս առթիւ նախարար Անդրէասեան առանձնապէս անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ յամառօրէն հնչեցուած ահազանգին՝ երկրի դպրոցներու 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքին վերաբերեալ, այդ մէկուն գործածութիւնը դադրեցնելու եւ նոր դասագիրք մը պատրաստելու պահանջներով հանդերձ։

«Մենք կը յարգենք Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, բայց համակարծիք չենք ու համամիտ չենք։ Կրթութեան կազմակերպումը պետութեան գործն է», յայտարարեց Ժաննա Անդրէասեան։ Ան շարունակեց. «Ես որեւէ դիրքորոշում կամ կարծիք չեմ արտայայտեր Եկեղեցւոյ մասին, որովհետեւ, առաջին հերթին, կը կարծեմ, թէ բոլորովին չկայ այս բանին անհրաժեշտութիւնը։ Եկեղեցին ունի իր դիրքորոշումը, սա նոր չէ։ Ես բազմիցս յայտնած եմ նախարարութեան դիրքորոշումը։ Մենք կը յարգենք Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, բայց համակարծիք չենք ու համամիտ չենք։ Կրթութեան կազմակերպումը պետութեան գործն է», յայտնեց ան։

Ասուլիսի ընթացքին նախարարը դիտել տուաւ, որ պետութիւնը հաշուի կ՚առնէ մասնագիտական կարծիքները ու կը կազմակերպէ մանկավարժական այնպիսի մօտեցմամբ, որ արդիւնք կու տայ։ «Մնացեալ ամէն ինչը, ի հարկէ, կը լսուի, հաշուի կ՚առնուի, բայց բոլորովին պարտադիր չէ, թէ սա կ՚ազդէ պետական քաղաքականութեան վրայ։ Եկեղեցին գրաւոր նամակ ուղարկած է։ Գրաւոր նամակը, ինչպէս միւս դիտարկումները, որոնք պիտի արժեւորուին իմ նշած փաստաթուղթին մէջ, ի հարկէ, կ՚ըլլայ այդտեղ», աւելցուց Ժաննա Անդրէասեան։

7-րդ դասարաններու պատմութեան դասագիրքին վերաբերեալ իր խորհրդածութիւններուն մէջ Ժաննա Անդրէասեան շեշտեց նաեւ, որ զգացումները երբեմն կը խանգարեն՝ իրական աշխատանքային գործընթացի տեսանելիութիւնը։

«Մենք տակաւին ամենասկիզբին, հասկնալով, որ բոլոր դասագիրքերը առաջին անգամ մուտք կը գործեն դպրոցներ, հեղինակներու հետ աշխատանքային պայմանաւորուածութիւն ունեցած ենք, թէ պէտք է անընդհատ կապի մէջ ըլլան ու հաւաքագրեն այն բոլոր խնդիրները, որոնք կը բարձրացուին։ Անոնք մեզի պէտք է ներկայացնեն այդ բոլորը եւ անհրաժեշտ լրամշակումներու ծաւալը։ Այս բոլորը կայ եւ երկրորդ կիսամեակին աւարտած կ՚ըլլայ։ Բոլոր նոր երեսուն դասագիրքերու մասով այս աշխատանքը կը կատարուի։ Հայոց պատմութեան 7-րդ դասարանի դասգիրքն ալ հանրային որոշակի հնչողութիւն ստացաւ ու կային նաեւ մասնագէտներ, որոնք ոչ-հրապարակաւ նախարարութիւն դիմած էին ամենասկիզբին ու եկած՝ ներկայացուցած էին իրենց մասնագիտական դիտարկումները։ Այժմ կը սպասենք հեղինակներու կողմէ ամբողջական անդրադարձին։ Այսինքն պիտի ըլլայ աղիւսակ մը, ուր պիտի ըլլան դասագիրքի վերաբերեալ հնչած բոլոր դիտարկումները, նաեւ հեղինակի արձագանգը՝ ընդունելու կամ չընդունելու մասին եւ հիմնաւորում՝ ինչու ընդունիլ կամ ինչու չընդունիլ։ Հիմնաւորումները պէտք է ըլլան փաստագրուած ու մասնագիտական դաշտի մէջ», եզրափակեց նախարարը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023